ԵՍԱՅԵԱՅ 57:15-16
ԵՍԱՅԵԱՅ 57:15-16 WARMB
Քանզի այսպէս կ’ըսէ Բարձրը ու Բարձրեալը, Որ յաւիտենականութեան մէջ կը բնակի ու անոր անունը Սուրբ է. «Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ, Բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ, Որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմ Եւ կոտրած սրտերը ապրեցնեմ։ Քանզի յաւիտեան պիտի չվիճիմ Ու միշտ պիտի չբարկանամ, Վասն զի իմ առջեւս հոգիները պիտի մարին Եւ այն կեանքերը՝ որոնք ես ստեղծեցի։





