YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 38

38
ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԱԶԴՈՒՐՈՒՄԸ
(Դ. Թագ. 20:1-11, Բ. Մնաց. 32:24-26)
1Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս’»։ 2Եզեկիա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ 3Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալելս եւ քու աչքիդ առջեւ բարութիւն ընելս յիշէ» ու Եզեկիա մեծ լացով մը լացաւ։
4Տէրոջը խօսքը եղաւ Եսայիին՝ ըսելով. «Գնա՛, Եզեկիային ըսէ՛. 5Քու հօրդ Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ։ Ահա ես քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ 6Եւ քեզ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ։ 7Այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ’։ Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան ըլլայ թէ Տէրը այս իր ըսած խօսքը պիտի կատարէ. 8‘Ահա ստուերը Աքազին արեւու ժամացոյցին վրայ իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ պիտի դարձնեմ’» ու արեւը իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ դարձաւ։
9 Այս է Յուդայի Եզեկիա թագաւորին գրածը, որ իր հիւանդանալուն ու հիւանդութենէ ելլելուն ատենը գրեց.
10«Ես ըսի՝ ‘Իմ օրերուս #38:10 Կամ, կէսինհանգիստ ժամանակին՝ ՝ մէջ
Գերեզմանին դռները պիտի երթամ.
Մնացած տարիներէս զրկուեցայ’։
11Ըսի՝ Տէրը պիտի չտեսնեմ,
Տէրը պիտի չտեսնեմ կենդանիներուն երկրին մէջ
Եւ միւս աշխարհին բնակիչներուն հետ ըլլալով,
Ա՛լ մարդու պիտի չնայիմ։
12Իմ #38:12 Կամ, բնակարանսշրջանս կը չուէ
Ու հովիւներուն տաղաւարին պէս ինծմէ կը փոխադրուի։
Իմ կեանքս կտրեցի ոստայնանկի պէս.
Առէջէն զիս կը կտրէ,
Ցորեկուրնէ մինչեւ գիշեր զիս պիտի լմնցնես։
13Մինչեւ առաւօտ սպասեցի.
Առիւծի պէս բոլոր ոսկորներս կը կոտրէ.
Ցորեկուընէ մինչեւ գիշեր զիս պիտի լմնցնես։
14Կռունկի պէս կամ ծիծեռնակի պէս կը ճչէի,
Աղաւնիի պէս կը մնչէի։
Վեր նայելէն աչքերս տկարացան։
Ո՛վ Տէր, տագնապի մէջ եմ, ինծի ձեռնտո՛ւ եղիր։
15Ի՞նչ ըսեմ. ինք ինծի խօսեցաւ ու ինք կատարեց։
Իմ բոլոր տարիներուս մէջ
Հոգիիս այս ցաւին համար կամաց կամաց պիտի քալեմ։
16Ո՛վ Տէր, մարդիկ ասոնցմով կ’ապրին
Ու իմ հոգիիս կեանքը ասոնց ամենուն մէջն է։
Զիս բժշկեցիր ու ապրեցուցիր։
17Խաղաղութեան տեղ մեծ դառնութիւն եկաւ ինծի.
Բայց դուն իմ հոգիս սիրեցիր ու ապականութեան գուբէն փրկեցիր,
Վասն զի բոլոր մեղքերս կռնակիդ ետեւը նետեցիր։
18Քանզի գերեզմանը քեզ չի կրնար օրհնել,
Մահը քեզի փառք չի կրնար տալ.
Գուբը իջնողները քու ճշմարտութեանդ չեն կրնար յուսալ։
19Ապրողը, ապրո՛ղը քեզ պիտի օրհնէ,
Ինչպէս ես այսօր կ’ընեմ։
Հայրը իր որդիներուն պիտի գիտցնէ քու ճշմարտութիւնդ։
20Տէրը իմ փրկութիւնս եղաւ,
Անոր համար մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ,
Իմ օրհնութիւններս Տէրոջը տանը մէջ
Լար ունեցող նուագարաններով պիտի երգենք։
21Վասն զի Եսայի ըսեր էր. «Չոր թուզեր թող առնեն, մանրեն ու վէրքին վրայ դնեն եւ պիտի առողջանայ»։ 22Ու Եզեկիա ըսեր էր. «Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 38: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in