YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 26

26
ԱՍՏՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏԱՅ
1Այն օրը Յուդային երկրին մէջ այս երգը պիտի երգեն.
«Մենք զօրաւոր քաղաք մը ունինք.
Փրկութիւնը պարիսպներու ու պատնէշներու տեղ կը կանգնեցնէ։
2Դռները բացէ՛ք,
Որպէս զի ճշմարտութիւն պահող արդար ազգը ներս մտնէ։
3Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես,
Վասն զի քեզի կը յուսայ։
4Յաւիտեան Տէրոջը յուսացէք,
Քանզի Տէր Եհովան յաւիտենական վէմ է,
5Քանզի անիկա բարձր տեղեր բնակողները կը խոնարհեցնէ,
Բարձր քաղաքը կը ցածցնէ,
Զանիկա հողի հետ հաւասար կ’ընէ։
6Ոտքը զանիկա պիտի կոխկռտէ,
Աղքատին ոտքն ու չքաւորներուն գարշապարը»։
7Արդարին ճամբան շիտակ է։
Դո՛ւն, որ ուղիղ ես, արդարին ճամբան դուն կ’ուղղես։
8Քու դատաստաններուդ ճամբուն մէջ քեզի կը սպասենք, ո՛վ Տէր.
Մեր հոգիին ցանկութիւնը քու անուանդ եւ քու յիշատակիդ համար է։
9Գիշերը հոգիով քեզի ցանկացի
Ու առաւօտուն քեզ փնտռեցի #26:9 Եբր., իմ ներսիդիս եղած հոգիովսբոլոր սրտովս՝ ՝.
Քանզի, երբ քու դատաստաններդ երկրի վրայ ըլլան,
Աշխարհի բնակիչները արդարութիւն կը սորվին։
10Ամբարշտին ողորմութիւն ալ ըլլայ՝ արդարութիւն չի սորվիր։
Անիկա ուղղութեան երկրին մէջ անօրէնութիւն կը գործէ
Ու Տէրոջը մեծափառութիւնը չի տեսներ։
11Ո՛վ Տէր, անոնք քու ձեռքիդ բարձրանալը չեն տեսներ,
Բայց ժողովուրդին վրայ քու ունեցած նախանձդ պիտի տեսնեն ու ամչնան։
Կրակը պիտի սպառէ քու թշնամիներդ։
12Ո՛վ Տէր, մեզի խաղաղութիւն պիտի տաս,
Վասն զի մեր բոլոր գործերն ալ դուն մեզի համար կատարեցիր։
13Ո՛վ Տէր Աստուած մեր, քեզմէ զատ ուրիշ տէրեր մեր վրայ տիրեցին,
Բայց քու անունդ, միայն քո՛ւկդ կը յիշենք։
14Անոնք մեռած են, պիտի չողջնան,
Ուրուականներ են, չեն կրնար ելլել,
Վասն զի դուն այցելութիւն ընելով՝ զանոնք բնաջինջ ըրիր
Ու անոնց յիշատակը կորսնցուցիր։
15Դուն այս ազգը աւելցուցիր, ո՛վ Տէր,
Այս ազգը աւելցնելով՝ փառաւորուեցար,
Երկրին բոլոր ծայրերը ընդարձակեցիր։
16Ո՛վ Տէր, նեղութեան մէջ քեզ փնտռեցին,
Քու պատիժդ անոնց վրայ եղած ատեն #26:16 Կամ, հառաչանք թափեցինաղաչանք ըրին՝ ՝։
17Ինչպէս ծնանելու մօտ եղող յղի կինը
Իր երկունքին մէջ տանջուելով կ’աղաղակէ,
Մենք ալ քու առջեւդ այնպէս եղանք, ո՛վ Տէր։
18Յղացանք, ցաւեր քաշեցինք,
Հով ծնանողի պէս եղանք
Ու երկիրը չկրցանք ազատել
Եւ աշխարհի բնակիչները չինկան։
19Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։
Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։
Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ.
Քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։
Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ։
ԴԱՏԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
20Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր
Ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛.
Պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը,
Մինչեւ բարկութիւնը անցնի։
21Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ,
Որպէս զի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօէնութեանը համար։
Եւ երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէ
Եւ սպաննուածներն ալ պիտի չծածկէ։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 26: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in