ԵՍԱՅԵԱՅ 24
24
ՏԷՐԸ ԵՐԿԻՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1Ահա Տէրը երկիրը կը պարպէ ու զանիկա կը դատարկեցնէ
Եւ տակնուվրայ ընելով անոր բնակիչները կը ցրուէ։
2Ինչպէս է ժողովուրդը, քահանան ալ՝ այնպէս,
Ինչպէս է աղախինը, իր տիկինն ալ՝ այնպէս,
Ինչպէս է ծախու առնողը, ծախողն ալ՝ այնպէս,
Ինչպէս է փոխ տուողը, առնողն ալ՝ այնպէս,
Ինչպէս է տոկոս առնողը՝ տոկոս տուող ալ այնպէս պիտի ըլլայ։
3Երկիրը բոլորովին պիտի պարպուի
Ու բոլորովին պիտի կողոպտուի,
Քանզի այս խօսքը Տէրը խօսեցաւ։
4Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը մարի,
Աշխարհը կը նուաղի ու կը մարի,
Երկրին ժողովուրդին մեծերը կը նուաղին։
5Երկիրը իր բնակիչներուն կողմէ պղծուեցաւ,
Քանզի անոնք օրէնքները զանց ըրին,
Պատուիրանքը փոխեցին, յաւիտենական ուխտը խափանեցին։
6Այս պատճառով նզովուեցաւ երկիրը
Ու անոր մէջ բնակողները իրենց յանցանքին պատիժը կրեցին,
Որուն համար երկրին բնակիչները այրեցան
Ու քիչ մարդիկ մնացին։
7Նոր գինին սուգ կը բռնէ, որթատունկը կը նուաղի
Եւ բոլոր ուրախ եղողները կը հառաչեն։
8Թմբուկներուն ցնծութիւնը կը դադարի,
Ուրախութիւն ընողներուն աղաղակը կը կտրի,
Քնարին ցնծութիւնը կը դադրի։
9Երգով գինի պիտի չխմեն.
Ցքին խմողներուն դառն պիտի ըլլայ։
10Դատարկ քաղաքը կործանուեցաւ,
Ամէն տուն գոցուեցաւ, որպէս զի մարդ մը չմտնէ։
11Փողոցներուն մէջ գինիի համար աղաղակ կայ.
Ամէն ուրախութիւն լռեց,
Երկրին ցնծութիւնը վերցուեցաւ։
12Քաղաքին մէջ ամայութիւն մնաց
Ու դուռը կոտրուեցաւ ու աւերակ եղաւ։
13Քանզի երկրին մէջ, ժողովուրդներուն մէջ,
Թօթուրուած ձիթենիի պէս
Ու այգեկութքէն ետքը ճռաքաղի պէս պիտի ըլլայ։
14Անոնք ձայներնին վերցնելով ցնծութեամբ պիտի երգեն,
Ծովու կողմէն Տէրոջը փառքին համար բարձրաձայն պիտի աղաղակեն։
15Անոր համար #24:15 Եբր., լոյսերուն մէջարեւելեան կողմը փառաւորեցէ՛ք Տէրը,
Ծովու կղզիներուն մէջ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունը։
16Երկրի ծայրերէն օրհնութիւններ լսեցինք,
Արդարին փառք մատուցանեցէք,
Բայց ես ըսի. «Նիհար եմ, նիհար եմ, վա՜յ ինձ.
Յափշտակողները կը յափշտակեն.
Յափշտակողները բռնի կը յափշտակեն»։
17Ո՛վ երկրի բնակիչ,
Վախ, գուբ եւ որոգայթ պիտի ըլլայ քու վրադ։
18Վախին ձայնէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ,
Գուբին մէջէն ելլողը որոգայթին մէջ պիտի բռնուի,
Քանզի բարձրէն պատուհանները բաց են
Ու երկրին հիմերը կը շարժին։
19Երկիրը բոլորովին կը ճնշուի.
Երկիրը բոլորովին կը պատռուի
Երկիրը բոլորովին կը սարսի.
20Երկիրը գինովի պէս անդադար պիտի երերայ
Ու հիւղի պէս պիտի շարժի։
Անոր մեղքը պիտի ծանրանայ անոր վրայ։
Անիկա պիտի իյնայ ու անգամ մըն ալ պիտի չելլէ։
21Այն օրը Տէրը բարձրէն այցելութիւն պիտի ընէ հպարտներուն զօրքին
Ու երկրի վրայ՝ երկրի թագաւորներուն։
22Անոնք պիտի հաւաքուին,
Ինչպէս բանտարկեալները գուբին մէջ կը հաւաքուին
Ու բանտի մէջ պիտի գոցուին։
Շատ ժամանակ յետոյ անոնք պիտի պատժուին։
23Լուսինը պիտի ամչնայ ու արեւը պիտի պատկառի,
Երբ զօրքերու Տէրը Սիօն լերանը վրայ
Ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորէ
Ու իր մեծերուն առջեւ փառաւորուի։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 24: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.