YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 22

22
ՊԱՏԳԱՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ
1Հիմա ձեզի ի՞նչ եղաւ,
Որ ամէնքդ տանիքներու վրայ ելաք։
2Ով խռովութեամբ լեցուած
Աղմուկի քաղաք՝ զբօսասէր քաղաք
Քու սպաննուածներդ սուրով սպաննուած չեն
Ու պատերազմի մէջ չմեռան։
3Բոլոր իշխաններդ մէկէն փախան,
Աղեղնաւորներէն կապուեցան։
Քու ժողովուրդիդ հեռու փախչողներէն
Բոլոր գտնուածները մէկտեղ կապուեցան։
4Անոր համար ըսի.
«Թո՛ղ տուէք զիս, որ դառնապէս լամ։
Իմ ժողովուրդիս աղջկան կործանումին համար
Զիս մխիթարելու մի՛ աշխատիք»։
5Քանզի տեսիլքի ձորին մէջ զօրքերու Եհովա Տէրոջը
Խռովութեան, կոխման ու շփոթութեան օրն է։
Պարիսպը կը փլցնեն եւ աղաղակը մինչեւ լեռը կը հասնի։
6Եղամ՝ իր ձիաւոր մարդոցմով կապարճը վերցուց
Եւ Կիր վահանը բացաւ
7Եւ քու ընտիր հովիտներդ կառքերով լեցուեցան
Ու ձիաւորները գունդ կազմեցին դռներուն քով։
8Յուդային ծածկոցը բացուեցաւ
Ու այն օրը անտառին տանը զէնքերուն նայեցաք եւ
9Դաւիթին քաղաքին փլած տեղերուն շատ ըլլալը տեսաք։
Վարի աւազանին ջուրերը հաւաքեցիք
10Ու Երուսաղէմի տուները համրեցիք։
Պարիսպը ամրացնելու համար տուներ փլցուցիք։
11Հին աւազանին ջուրերուն համար
Երկու պարսպին մէջտեղ ջրամբար մը շինեցիք,
Բայց զանիկա շինողին չնայեցաք
Ու նախապէս զանիկա կազմողին ուշադրութիւն չըրիք։
12Այն օրը զօրքերու Տէր Եհովան ձեզ կանչեց
Լալու ու սգալու,
Գլուխ կնտեցնելու եւ քուրձ հագնելու։
13Ահա ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ըրիք,
Արջառներ կը սպաննէիք եւ ոչխարներ կը մորթէիք,
Միս կ’ուտէիք ու գինի կը խմէիք՝ ըսելով.
«Ուտենք ու խմենք,
Քանզի վաղը պիտի մեռնինք»։
14Բայց զօրքերու Տէրոջը կողմանէ իմ ականջներուս յայտնուեցաւ թէ՝
«Անշուշտ այս անօրէնութիւնը ձեզի պիտի չթողուի,
Մինչեւ որ դուք մեռնիք»,
Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան։
ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍԵԲՆԱՅԻՆ
15Զօրքերու Եհովա Տէրը այսպէս ըսաւ.
«Գնա՛ ու պալատին հրամանատարին,
Սեբնա #22:15 Կամ, առաջին պաշտօնատարինգանձապետին քով մտիր ու ըսէ՛.
16‘Դուն հոս ի՞նչ ունիս եւ հոս ո՞վ ունիս,
Որ հոս քեզի գերեզման փորեցիր.
Ո՛վ դուն, որ քու գերեզմանդ բարձր տեղ կը փորես
Ու քեզի վէմի մէջ բնակարան #22:16 Եբր., կը քանդակեսկը շինես’։
17Ահա Տէրը քեզ պիտի նետէ ուժգնօրէն
Եւ քեզ բոլորովին պիտի ծածկէ։
18Անշուշտ գնդակի պէս
Լայնատարած երկիր մը պիտի գլորէ քեզ
Դուն հոն պիտի մեռնիս
Եւ քու փառքիդ կառքերը հոն պիտի մնան,
# 22:18 Կամ, Իբրեւ Ո՛վ քու տիրոջդ տանը անարգանքը։
19Ու քու պաշտօնէդ քեզ պիտի վռնտեմ,
Քու աստիճանէդ քեզ պիտի զրկեմ։
20Այն օրը պիտի կանչեմ իմ ծառաս,
Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմը՝
21Եւ քու պատմուճանդ անոր պիտի հագցնեմ,
Քու գօտիովդ զանիկա պիտի զօրացնեմ,
Քու իշխանութիւնդ անոր ձեռքը պիտի տամ,
Անիկա Երուսաղէմի բնակիչներուն
Ու Յուդային տանը հայրը պիտի ըլլայ։
22Դաւիթին տանը բանալին
Անոր ուսին վրայ պիտի դնեմ,
Որպէս զի անիկա բանայ եւ գոցող չըլլայ
Ու գոցէ եւ բացող չըլլայ։
23Զանիկա հաստատ տեղ մը
Բեւեռի պէս պիտի գամեմ։
Անիկա իր հօրը տանը
Փառաւոր աթոռի պէս պիտի ըլլայ։
24Անոր հօրը տանը բոլոր փառքը անոր վրայ պիտի կախուի,
Անոր սերունդէն եղող պատուականներն ու անարգները,
Բոլոր պզտիկ ամանները, տեսակ տեսակ թասերէն
Մինչեւ ամէն տեսակ #22:24 Կամ, սափորները եւ կամ, նուագարաններըտիկերը։
25«Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,
Այս հաստատ տեղը գամուած բեւեռը պիտի վերցուի
Եւ պիտի կոտրի ու իյնայ
Ու անոր վրայ եղած բեռը պիտի կոտրտի»,
Քանզի Տէրը խօսեցաւ։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 22: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in