ԵՍԱՅԵԱՅ 2
2
ԱՆՎԵՐՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ
1Յուդայի եւ Երուսաղէմի նկատմամբ տրուած պատգամը, որ Աստուած իմացուց Ամովսի որդիին Եսայիին.
2«Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը
Լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի,
Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ,
Բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։
3Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն.
«Եկէ՛ք, Եհովային լեռը,
Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք,
Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ
Ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։
Վասն զի օրէնքը՝ Սիօնէն
Ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի ելլէ.
4Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէ
Եւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ։
Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր
Եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։
Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ
Եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին։
5Ո՛վ Յակոբի տուն,
Եկէ՛ք Տէրոջը լոյսովը քալենք։
ՅՈԽՈՐՏԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻ
6Քանզի դուն քու ժողովուրդդ, Յակոբին տունը թողուցիր,
Վասն զի արեւելքի կախարդներովը լեցուեցան
Եւ Փղշտացիներու պէս հմայութիւն կ’ընեն
Ու օտարներու որդիներուն հետ դաշնակից եղան։
7Անոնց երկիրը արծաթով ու ոսկիով լեցուեցաւ
Ու անոնց գանձերը անթիւ եղան։
Անոնց երկիրը ձիերով լեցուեցաւ
Եւ անոնց կառքերը անհաշիւ են։
8Կուռքերով ալ լեցուն է անոնց երկիրը։
Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն կ’ընեն,
Անոնց՝ որոնք իրենց մատերը շինեցին։
9Ռամիկ մարդը ծռեցաւ,
Ազնուականը խոնարհեցաւ։
Անոնց մի՛ ներեր։
10Տէրոջը վախէն
Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն
Վէմին մէջ մտի՛ր ու հողին մէջ պահուըտէ՛։
11Մարդուն ամբարտաւան աչքերը պիտի խոնարհին,
Մարդոց հպարտութիւնը պիտի ցածնայ։
Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։
12Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրը
Բոլոր ամբարտաւաններուն ու բարձրամիտներուն
Եւ բոլոր հպարտներուն պիտի հակառակի։
13Լիբանանի բոլոր բարձրացած ու վերացած եղեւիններուն վրայ
Ու Բասանի բոլոր կաղնիներուն վրայ,
14Բոլոր բարձր լեռներուն վրայ
Ու բոլոր բարձրացած բլուրներուն վրայ
15Եւ բոլոր բարձր աշտարակներուն վրայ
Ու բոլոր ամուր պարիսպներուն վրայ
16Եւ Թարսիսի բոլոր նաւերուն վրայ
Ու բոլոր հաճելի երեւցած բաներուն վրայ պիտի բարձրանայ։
17Մարդուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ցածնայ,
Մարդոց հպարտութիւնը պիտի խոնարհի։
Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։
18Կուռքերը բնաջինջ պիտի ըլլան։
19Քարայրներու մէջ
Ու երկրին խոռոչները պիտի մտնեն
Տէրոջը վախէն
Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն,
Երբ ինք երկիրը սարսելու ելլէ։
20Այն օրը մարդ խլուրդներուն ու ջղջիկներուն պիտի նետէ
Իր արծաթեղէն կուռքերն ու իր ոսկեղէն կուռքերը,
Որոնք շիներ էին երկրպագելու համար,
21Որպէս զի Տէրոջը վախէն
Ու անոր վեհափառութեանը մեծութենէն
Ապառաժներուն՝ ծակերը
Ու վէմերուն ծերպերը մտնէ,
Երբ Անիկա երկիրը սարսելու ելլէ։
22Ե՛տ կեցէք մարդէն, որուն շունչը իր ռնգունքներուն մէջ է.
Վասն զի ի՞նչ բանի մէջ հաստատ կը համարուի ան»։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 2: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.