ԵՍԱՅԵԱՅ 18
18
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵԹՈՎՊԻԱՆ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1Ո՛վ Եթովպիացիներու գետերուն անդիի կողմը եղող
Թեւերով #18:1 Կամ, շառաչիւն հանողհովանաւոր երկիր,
2Որ ծովէն՝ պրտուեղէն նաւակներով
Ջուրի երեսին վրայէն դեսպաններ կը ղրկէ։
Ո՛վ արագընթաց դեսպաններ, գացէ՛ք
# 18:2 Կամ, Տարածուած ու խիստ Երկայնահասակ ու լերկ՝ ՝ ազգին,
Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահեղ ժողովուրդին,
Խիստ զօրաւոր ու ամէնքը կոխկռտող ազգին,
Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն։
3Ո՛վ աշխարհի բնակիչներ,
Ու երկրի վրայ բնակողներ,
Երբ լեռներուն վրայ դրօշակ բարձրացուի՝ նայեցէ՛ք
Ու երբ փող հնչուի՝ լսեցէ՛ք։
4Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.
«Ես հանգիստ պիտի ըլլամ ու իմ բնակարանէս պիտի նայիմ՝
# 18:4 Կամ, Կէս օրուան Խոտի վրայի՝ ՝ պայծառ տաքութեանը պէս
Ու հունձքերու տաքութեանը մէջ ցօղաբեր ամպի պէս»։
5Քանզի հունձքի ժամանակէն առաջ,
Երբ ընձիւղը մեծնայ
Ու ծաղիկը ազոխ ըլլալով հասնելու ըլլայ,
Անիկա ճիւղերը յօտոցով պիտի կտրէ
Եւ ուռերը պիտի փրցնէ նետէ։
6Անոնք մէկտեղ լեռներու թռչուններուն
Ու երկրի գազաններուն պիտի թողուին։
Թռչունները ամառը անոնց վրայ պիտի անցընեն
Ու երկրի բոլոր գազանները անոնց վրայ պիտի ձմեռեն։
7Այն ժամանակ զօրքերու Տէրոջը ընծայ պիտի բերուի՝
Երկայնահասակ ու լերկ ժողովուրդէն՝
Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահեղ ժողովուրդէն՝
Խիստ զօրաւոր ու ամէնքը կոխկռտող ազգէն,
Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն՝
Զօրքերու Տէրոջը անուանը տեղ՝
Սիօն լեռը՝ ընծայ պիտի բերեն։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 18: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.