ԵՍԱՅԵԱՅ 17
17
ԱՍՏՈՒԱԾ ՍՈՒՐԻԱՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1Դամասկոսին պատգամը։
«Ահա Դամասկոսը քաղաք ըլլալէ պիտի դադրի
Ու աւերակի շեղջ մը պիտի ըլլայ։
2Անոր քաղաքները պիտի լքուին,
Հօտերու փարախներ պիտի ըլլան,
Որպէս զի անոնք պառկին ու վախցնող չըլլայ։
3Եփրեմի պարիսպը պիտի վերնայ
Եւ Դամասկոսի ու Ասորիներու մնացորդէն՝ թագաւորութիւնը։
Անոնք Իսրայէլի որդիներուն փառքին պէս պիտի ըլլան»,
Կ՛ըսէ զօրքերու Տէրը։
4«Այն օրը Յակոբին փառքը պիտի պակսի
Ու անոր մարմնին գիրութիւնը պիտի նիհարնայ։
5Այնպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս հնձողը, երբ ցորեն կը հնձէ,
Թեւին վրայ հասկերը կը ժողվէ։
Ռափայիններուն հովիտը հասկեր քաղողին պէս պիտի ըլլայ։
6Ինչպէս ձիթենին կը թօթուեն
Ու բարձր ոստին ծայրը՝ երկու երեք հատ
Եւ խիստ պտղաբեր ոստին վրայ չորս հինգ հատ կը մնայ,
Անոր վրայ ալ միայն ճիռեր պիտի մնան»,
Կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը։
7Այն օրը մարդիկ իրենց Ստեղծիչին պիտի նային
Ու իրենց աչքերը Իսրայէլին Սուրբը պիտի դիտեն։
8Եւ իրենց ձեռագործ սեղաններուն վրայ պիտի չնային։
Իրենց մատներուն շինածը,
Թէ՛ Աստարովթին կուռքերը,
Թէ՛ արեգակին կուռքերը պիտի չդիտեն։
9Այն օրը անոր ամուր քաղաքները,
Իսրայէլի որդիներուն երեսէն լքուած
Անպիտան թուփերու եւ բարձր ոստերու պիտի նմանին
Ու աւերակ պիտի ըլլան։
10Քանի որ դուն քու փրկութեանդ Աստուածը մոռցար
Եւ քու զօրութեանդ Վէմը չյիշեցիր,
Անոր համար հաճելի տունկեր պիտի տնկես
Եւ օտար երկրէ բերուած տունկեր պիտի տնկես։
11Տնկածդ ցորեկը պիտի աճեցնես
Ու ցանածդ առաւօտուն պիտի բուսցնես,
Բայց բերքին օրը հունձքը պիտի պակսի
Եւ սաստիկ տրտմութիւն պիտի ըլլայ։
ԹՇՆԱՄԻ ԱԶԳԵՐ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻՆ
12Վա՜յ շատ ժողովուրդներու բազմութեանը,
Որոնք ծովու ձայնին պէս կը գոռան
Ու վա՜յ ժողովուրդներու աղմուկին՝
Որոնք սաստիկ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն։
13Ժողովուրդները շատ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն,
Բայց Աստուած զանոնք պիտի յանդիմանէ.
Ուստի հեռու պիտի փախչին
Ու լեռներուն վրայի մղեղին պէս հովին երեսէն
Եւ մրրիկին առջեւէն քշուած փոշիին պէս պիտի հալածուին։
14Ու իրիկունները խռովութիւն պիտի գայ
Ու առտու չեղած բնաջինջ պիտի ըլլան։
Մեզ յափշտակողներուն բաժինը
Ու մեզ կողոպտողներուն վիճակը ասիկա է։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 17: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.