ԵԶԵԿԻԷԼԻ 36
36
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ
1«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի լեռներուն մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ. ‘Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. 2Որովհետեւ թշնամին ձեզի համար ըսաւ՝ «Վա՜շ, յաւիտենական բլուրներն ալ մեզի ժառանգութիւն եղան»’, 3Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեզ աւերեցին ու ամէն կողմէ ճնշուեցաք, այնպէս որ մնացած ազգերուն սեփականութիւն եղաք ու դուք լեզուանի մարդոց խօսքի առարկան ու ժողովուրդին նախատինքը եղաք. 4Անոր համար, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէ՛ք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն եւ ամայի եղած աւերակներուն ու պարապ թողուած քաղաքներուն, որոնք շրջակայ ազգերուն մնացորդին յափշտակութիւն ու նախատինք եղած են։ 5Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Մնացած ազգերուն համար ու Եդովմին համար անշուշտ իմ նախանձիս կրակովը խօսեր եմ, վասն զի անոնք սրտի ուրախութեամբ ու հոգիի հպարտութեամբ իմ երկիրս իրենց սեփականացուցին եւ զանիկա աւարի պէս յափշտակեցին’։
6Անոր համար Իսրայէլի երկրին վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ եւ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուք ազգերէն նախատինք կրեցիք, ահա ես ալ իմ նախանձովս ու իմ բարկութիւնովս խօսեցայ’։ 7Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես իմ ձեռքս վերցուցի, որ ձեր բոլորտիքը եղող ազգերը իրենց անարգանքը կրեն։ 8Բայց դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, ձեր ճիւղերը պիտի երկնցնէք ու իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի համար ձեր պտուղները պիտի բերէք, վասն զի անոնք մօտերս պիտի գան։ 9Քանզի ահա ես ձեր կողմէն եմ ու ձեզի պիտի դառնամ եւ դուք պիտի մշակուիք ու պիտի սերմանուիք 10Ու ձեր վրայ մարդիկ՝ Իսրայէլի տունը՝ պիտի շատցնեմ ու քաղաքներու մէջ պիտի բնակին եւ աւերակները պիտի շէնցնեն։ 11Ձեր վրայ մարդն ու անասունը պիտի շատցնեմ։ Անոնք պիտի շատնան ու պտղաբեր պիտի ըլլան եւ ձեր առաջուան կացութեանը պէս ձեր մէջ պիտի բնակին ու ձեր առաջուան վիճակէն աւելի աղէկ պիտի ընեմ ձեզ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 12Եւ ձեր վրայ մարդիկ՝ իմ ժողովուրդս Իսրայէլը՝ պիտի պտըտեցնեմ։ Անոնք քեզ պիտի ժառանգեն եւ դուն անոնց ժառանգութիւն պիտի ըլլաս ու անգամ մըն ալ զանոնք #36:12 Եբր., անզաւակ պիտի չընեսպիտի չսպառես՝ ՝’։
13Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ քեզի համար կ’ըսեն թէ ‘Դուն մարդակեր երկիր մըն ես, քու ազգերդ սպառեցիր’, 14Անոր համար անգամ մըն ալ մարդ պիտի չուտես ու անգամ մըն ալ քու ազգերդ պիտի չսպառես, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 15Անգամ մըն ալ ազգերու նախատինք պիտի չլսուի եւ անգամ մըն ալ ժողովուրդներու անարգանքը պիտի չկրես եւ քու ազգերդ պիտի չսպառես’։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԸ
16Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, 17Երբ Իսրայէլացիները իրենց երկրին մէջ բնակեցան, զանիկա իրենց ճամբայովը եւ գործերովը պղծեցին։ Անոնց ճամբան իմ առջեւս անմաքուր կնոջ մը պղծութեան պէս եղաւ, 18Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի այն արիւնին համար՝ որ իրենք թափեցին երկրի վրայ ու զանիկա իրենց կուռքերովը պղծեցին։ 19Զանոնք ազգերուն մէջ ցրուեցի ու երկիրներու մէջ ցիրուցան եղան։ Զանոնք իրենց ճամբուն ու գործերուն համեմատ դատեցի 20Եւ իրենց գացած ազգերուն մէջ երթալնուն պէս՝ իմ սուրբ անունս պղծեցին, երբ իրենց համար ըսուեցաւ թէ ‘Ասոնք Եհովային ժողովուրդն են, բայց անոր երկրէն ելան’։ 21Սակայն ես խնայեցի իմ սուրբ անուանս համար, որը պղծեցին այն ազգերուն մէջ, ուր մտան»։
22«Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ թէ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛չ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, ո՛վ Իսրայէլի տուն, հապա իմ սուրբ անուանս համար, որը դուք ձեր մտած ազգերուն մէջ պղծեցիք։ 23Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս, որ ազգերուն մէջ պղծուեցաւ, որ դուք անոնց մէջ պղծեցիք ու ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, երբ անոնց աչքերուն առջեւ ձեր մէջ սրբուիմ։ 24Ձեզ ազգերէն պիտի առնեմ ու բոլոր երկիրներէն ձեզ պիտի հաւաքեմ ու ձեզ ձեր երկիրը պիտի բերեմ։ 25Ձեր վրայ մաքուր ջուր պիտի սրսկեմ ու պիտի մաքրուիք։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն ու ձեր բոլոր կուռքերէն ձեզ պիտի մաքրեմ։ 26Ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ եւ ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ։ 27Իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու դուք իմ օրէնքներուս մէջ պիտի քալէք ու իմ իրաւունքներս պիտի պահէք ու գործադրէք։ 28Եւ պիտի բնակիք այն երկիրներուն մէջ, որ ձեր հայրերուն տուի ու դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք, ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ։ 29Ձեր բոլոր պղծութիւններէն ձեզ պիտի ազատեմ ու ցորենը պիտի կանչեմ եւ զանիկա պիտի շատցնեմ ու ձեր վրայ սով պիտի չբերեմ։ 30Ծառերուն պտուղն ու արտերուն բերքը պիտի շատցնեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ազգերու մէջ սովի նախատինք չկրէք։ 31Ձեր գէշ ճամբաները եւ չար գործերը պիտի յիշէք ու ձեր անօրէնութիւններուն համար եւ ձեր պղծութիւններուն համար դուք ձեր անձերէն պիտի զզուիք։ 32Չէ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ձեզի յայտնի ըլլայ եւ ձեր ճամբաներէն ամչցէք ու շփոթեցէք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’։
33«Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը, երբ ձեր բոլոր անօրէնութիւններէն ձեզ մաքրեմ, քաղաքներուն մէջ մարդ պիտի բնակի ու աւերակները պիտի շինուին։ 34Ամայի երկիրը, ամէն անցնողի աչքերուն առջեւ ամայի մնալու տեղ, պիտի մշակուի’։ 35Ու պիտի ըսեն՝ ‘Այս ամայացած երկիրը Եդեմի դրախտին պէս եղաւ եւ աւերակ, ամայի ու փլած քաղաքները պարսպապատ ու մարդաբնակ եղան’։ 36Ու ձեր բոլորտիքը մնացած ազգերը պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ փլածները կը շինեմ ու ամայացած երկիրը կը շէնցնեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ’»։
37«Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլի տանը խնդրանքը պիտի ընդունիմ, անոնց մարդիկը հօտի պէս պիտի շատցնեմ։ 38Սուրբ հօտին պէս, Երուսաղէմի հանդիսաւոր տօներուն հօտին պէս, աւերուած քաղաքները մարդոց հօտերով այնպէս պիտի լեցուին, որ գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 36: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.