ԵԶԵԿԻԷԼԻ 34
34
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի հովիւներուն դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛, մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ հովիւներուն. ‘Վա՜յ Իսրայէլի հովիւներուն, որոնք ինքզինքնին կ’արածեն։ Հովիւները հօտը արածելու չե՞ն։ 3Դուք #34:3 Կամ, կաթըճարպը կ’ուտէք ու բուրդը կը հագնիք եւ գէրը կը մորթէք, բայց հօտը չէք արածեր։ 4Տկարները չուժովցուցիք ու հիւանդները չբժշկեցիք եւ կոտրածը չփաթթեցիք ու մոլորածը չդարձուցիք եւ կորսուածը չփնտռեցիք. հապա բռնութիւնով ու խստութիւնով անոնց վրայ տիրեցիք։ 5Անոնք հովիւ չունենալնուն համար ցրուեցան ու ցրուելով՝ դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան։ 6Իմ ոչխարներս լեռներու վրայ ու բարձր բլուրներու վրայ մոլորեցան եւ իմ ոչխարներս բոլոր երկրի երեսին վրայ ցրուեցան ու հարցնող ու փնտռող չեղաւ’։
7«Անոր համար, ո՛վ հովիւներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք. 8‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որովհետեւ հովիւ չըլլալուն համար իմ հօտս յափշտակուեցաւ ու իմ ոչխարներս դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան եւ իմ հովիւներս իմ ոչխարներս չփնտռեցին ու հովիւները ինքզինքնին արածեցին ու իմ հօտս չարածեցին’, 9Անոր համար, ո՛վ հովիւներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք, 10Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես հովիւներուն դէմ եմ ու իմ ոչխարներս անոնցմէ պիտի պահանջեմ եւ զանոնք ոչխար արածելէն պիտի դադրեցնեմ ու հովիւները անգամ մըն ալ պիտի չարածեն։ Իմ ոչխարներս անոնց բերնէն պիտի հանեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ անոնց կերակուր չըլլան’։
ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ
11Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես՝ ինքս՝ իմ ոչխարներս պիտի պահանջեմ ու փնտռեմ։ 12Ինչպէս հովիւը, երբ իր ցրուած ոչխարներուն ետեւէն կ’ըլլայ ու իր հօտը կը փնտռէ, այնպէս ալ ես իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ ու պիտի ազատեմ զանոնք այն տեղերէն, ուր ամպի ու մառախուղի ատեն ցրուեցան։ 13Զանոնք ժողովուրդներէն պիտի հանեմ, զանոնք երկիրներէն պիտի հաւաքեմ ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ։ Զանոնք Իսրայէլի լեռներուն վրայ, ձորերուն մէջ ու երկրին ամէն բնակելի տեղերը պիտի արածեմ. 14Զանոնք աղէկ արօտի մէջ պիտի արածեմ ու անոնց փարախը Իսրայէլի բարձր լեռներուն վրայ պիտի ըլլայ։ Հոն աղէկ փարախի մէջ պիտի պառկին ու Իսրայէլի լեռներուն վրայ պարարտ արօտի մէջ պիտի արածին։ 15Ես պիտի արածեմ իմ ոչխարներս ու զանոնք ես պիտի պառկեցնեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 16Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ եւ կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ, բայց պարարտն ու զօրաւորը պիտի պահեմ. զանոնք իրաւունքով պիտի արածեմ’։
17«Ձեզի, ո՛վ իմ ոչխարներս, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ոչխարին ու ոչխարին, խոյերուն ու նոխազներուն մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։ 18Միթէ աղէկ արօտի մէջ արածուիլը քի՞չ բան է ձեզի, որ ձեր արօտներուն մնացորդը ձեր ոտքերով կը կոխկռտէք ու մաքուր ջուրերն ալ խմե՞լը, որ մնացածները ձեր ոտքերով կը պղտորէք։ 19Իմ ոչխարներս ձեր ոտքերուն կոխկռտածը կ’ուտեն ու ձեր ոտքերով պղտորածը կը խմեն’։
20Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ինքս դատաստան պիտի ընեմ պարարտ ոչխարին ու նիհար ոչխարին մէջտեղ։ 21Քանի որ դուք ձեր կողքով եւ ուսով հրեցիք ու ձեր եղջիւրներով բոլոր տկարներուն զարկիք, մինչեւ որ դուրսը ցրուեցիք զանոնք, 22Ես ալ իմ ոչխարներս պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ պիտի չյափշտակուին։ Ոչխարին ու ոչխարին մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։ 23Անոնց վրայ հովիւ մը, այսինքն իմ ծառաս Դաւիթը պիտի կեցնեմ, որպէս զի զանոնք հովուէ։ Անիկա պիտի հովուէ զանոնք։ Անիկա պիտի ըլլայ անոնց հովիւը։ 24Ես՝ Տէրս՝ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ իմ ծառաս Դաւիթ անոնց վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։ 25Եւ անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ մը պիտի ընեմ ու այն երկրէն չար գազանները բնաջինջ պիտի ընեմ, որ անապատին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու անտառներուն մէջ քնանան։ 26Զանոնք ու իմ լերանս շրջակայ տեղերը օրհնութիւնով պիտի լեցնեմ ու անձրեւները իրենց ժամանակին պիտի իջեցնեմ, որոնք օրհնութեան անձրեւներ պիտի ըլլան։ 27Դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ։ Անոնք իրենց երկրին վրայ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու երբ անոնց լուծին կապերը կոտրեմ ու զանոնք գերի տանող ձեռքէն ազատեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ 28Անոնք անգամ մըն ալ ազգերէն պիտի չյափշտակուին ու երկրի գազանները զանոնք պիտի չուտեն. այլ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու վախցնող մը պիտի չըլլայ։ 29Անոնց անուանի տունկ մը պիտի բուսցնեմ ու անգամ մըն ալ երկրին վրայ սովով պիտի չսպառին ու ազգերէն նախատինք պիտի չկրեն 30Եւ պիտի գիտնան թէ ես՝ իրենց Տէր Աստուածը՝ իրենց հետ եմ ու իրենք՝ Իսրայէլի տունը՝ իմ ժողովուրդս են’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
31«Դուք, իմ ոչխարներս, իմ արօտիս ոչխարները, մարդիկ էք ու ես ձեր Աստուածն եմ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 34: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: