ԵԶԵԿԻԷԼԻ 35
35
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԻԺԸ ԵԴՈՎՄԻՆ
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Սէիր լերանը վրայ դարձուր ու անոր դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛ 3Եւ անոր ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սէիր լեռ ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ ու քեզ բոլորովին պիտի ամայացնեմ։ 4Քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ եւ դուն ամայի պիտի ըլլաս ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը’։
5«Որովհետեւ դուն հին օրերէն ատելութիւն ունեցար ու Իսրայէլի որդիները, իրենց պատուհասուած ժամանակը, անօրէնութեան ժամանակը լրանալուն, սուրին ձեռքը մատնեցիր, 6Անոր համար ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ քեզ արեան մէջ պիտի դնեմ եւ արիւնը քեզ պիտի հալածէ. քանի որ արիւնը չատեցիր, այն արիւնը քեզ պիտի հալածէ։ 7Սէիր լեռը բոլորովին ամայի պիտի ընեմ եւ անկէ անցնողն ու դարձողը պիտի սպաննեմ։ 8Ու անոր լեռները իր սպաննուածներովը պիտի լեցնեմ։ Քու բլուրներուդ վրայ. քու հովիտներուդ մէջ ու բոլոր ձորերուդ մէջ սուրով սպաննուածներ պիտի իյնան։ 9Քեզ յաւիտենապէս պիտի ամայացնեմ եւ քու քաղաքներուդ մէջ անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։
10«Որովհետեւ դուն ըսիր թէ ‘Այս երկու ազգը ու այս երկու երկիրը իմս պիտի ըլլան ու անոնց պիտի տիրենք’ (թէեւ Տէրը հոն էր). 11Անոր համար, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ քու թշնամութիւնովդ անոնց դէմ գործադրուած բարկութեանդ ու նախանձիդ չափովը հատուցում պիտի ընեմ եւ քու դատաստանդ տեսած ատենս անոնք պիտի ճանչնան զիս։ 12Ու պիտի գիտնաս թէ ես՝ Տէրս՝ լսեցի քու բոլոր հայհոյութիւններդ, որոնք Իսրայէլի լեռներուն դէմ գործածեցիր՝ ըսելով. ‘Անոնք աւերակ եղան, անոնք մեզի կերակուր տրուեցան’ 13Եւ ձեր բերնովը ինծի դէմ հպարտացաք ու խօսքերնիդ ինծի դէմ շատցուցիք։ Ես զանոնք լսեցի»։
14Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին ուրախութեան ատենը քեզ պիտի ամայացնեմ։ 15Եւ ինչպէս դուն Իսրայէլի տանը ժառանգութեանը վրայ ուրախացար, երբ ամայացաւ, քեզի ալ այնպէս պիտի ընեմ։ Դո՛ւք, ո՛վ Սէիր լեռ ու Եդովմ, բոլորովին պիտի ամայանաք ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 35: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: