ԵԶԵԿԻԷԼԻ 29
29
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻՆ ԴԷՄ
1Տասներորդ տարուան, տասներորդ ամսուան տասներկրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին կողմը դարձուր ու անոր դէմ ու բոլոր Եգիպտոսի դէմ մարգարէութիւնը ըրէ՛, 3Խօսէ՛ ու ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւոր, քու գետերուդ մէջ պառկող մեծ վիշապ, որ կ’ըսես թէ ‘Իմ գետս իմս է ու զանիկա ես ինծի համար շինեցի’։ 4Բայց ես քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ եւ քու գետերուդ ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակցնեմ ու քեզ գետերուդ մէջէն պիտի հանեմ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակչին։ 5Քեզ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը անապատը պիտի նետեմ։ Դուն դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս ու պիտի չհաւաքուիս եւ չամփոփուիս։ Քեզ երկրի գազաններուն ու երկնքի թռչուններուն կերակուր պիտի տամ։ 6Եգիպտոսի բոլոր բնակիչները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, վասն զի Իսրայէլի տանը համար եղէգէ ցուպ եղան։ 7Երբ անոնք քեզ ձեռքով բռնեցին, դուն կոտրտեցար ու անոնց #29:7 Եբր., ուսըբազուկը ճեղքեցիր ու երբ քեզի կռթնեցան, փշրուեցար ու անոնց մէջքը դողացուցիր»։
8Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քու վրադ սուր պիտի բերեմ եւ մարդն ու անասունը պիտի կոտորեմ։ 9Եգիպտոսը աւերակ ու անապատ պիտի ըլլայ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը. որովհետեւ անիկա ըսաւ. ‘Գետը իմս է ու զանիկա ես շինեցի’։ 10Անոր համար ահա ես քեզի եւ քու գետերուդ դէմ եմ ու Եգիպտոսի երկիրը Մագդողէն մինչեւ Սուհէն ու մինչեւ Եթովպիացիներու սահմանը աւերակ ու անշէն անապատ պիտի ընեմ. 11Անկէ մարդու ոտք պիտի չանցնի, ո՛չ ալ անասունի ոտք եւ քառասուն տարի անբնակ պիտի մնայ։ 12Եգիպտոսը ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ընեմ եւ անոր քաղաքները աւերուած քաղաքներու մէջ քառասուն տարի ամայի պիտի մնան ու Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ»։
13Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Քառասուն տարի ետքը Եգիպտացիները պիտի հաւաքեմ այն ազգերէն որոնց մէջ ցրուեցան 14Ու Եգիպտացիները գերութենէ պիտի դարձնեմ եւ զանոնք Պաթուրէսի երկիրը, իրենց հայրենի երկիրը պիտի դարձնեմ ու հոն խոնարհ թագաւորութիւն մը պիտի ըլլան։ 15Թագաւորութիւններուն խիստ խոնարհը պիտի ըլլայ ու անգամ մըն ալ ազգերու վրայ պիտի չբարձրանայ. վասն զի անոնք պիտի պզտիկցնեմ, որպէս զի ազգերուն վրայ չտիրեն։ 16Անոնք անգամ մըն ալ Իսրայէլի տանը ապաւէն պիտի չըլլան, իրենց անօրէնութիւնը յիշելով երբ օգնութեան համար անոր դիմեն։ Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովան»։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻՆ ՊԻՏԻ ՏԻՐԷ
17Քսանեօթներորդ տարուան, առաջին ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 18«Որդի՛ մարդոյ, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր զօրքը ուժով գործածեց Տիւրոսի դէմ։ Ամէն գլուխ կնտացաւ ու ամէն ուսի մորթ ելաւ. սակայն իրեն եւ իր զօրքին հատուցում մը չստացաւ Տիւրոսէն՝ այն ծառայութեան համար, որ անոր ըրաւ»։ 19Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Եգիպտոսը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պիտի տամ ու անոր հարստութիւնը պիտի առնէ, պիտի կողոպտէ ու անոր աւարը պիտի յափշտակէ եւ ասիկա անոր զօրքին վարձք մը պիտի ըլլայ։ 20Հոն ըրած գործին համար Եգիպտոսը անոր տուի, վասն զի ինծի համար աշխատեցան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 21«Այն օրը Իսրայէլի տանը եղջիւրը պիտի բուսցնեմ ու անոնց մէջ քու շրթունքներդ պիտի բանամ։ Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 29: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.