ԵԶԵԿԻԷԼԻ 27
27
ԹԱՂՄԱՆ ԵՐԳ ՄԸ ՏԻՒՐՈՍԻՆ ՀԱՄԱՐ
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի վրայ ողբա՛ 3Եւ Տիւրոսին ըսէ՛. ‘Ով ծովուն մուտքերը բնակող, շատ կղզիներու մէջ ժողովուրդներուն հետ վաճառականութիւն ընող, ո՛վ Տիւրոս, դուն ըսիր թէ «Ես գեղեցկութեան մէջ կատարեալ եմ»։ 4Քու սահմաններդ ծովուն մէջտեղն են. քեզ շինողները քու գեղեցկութիւնդ կատարեալ ըրին։
5Անոնք քու բոլոր նաւերուդ տախտակները Սանիրի մայրիէն շինեցին. Լիբանանէն եղեւիններ առին, որպէս զի քեզի կայմեր շինեն։ 6Քու թիերդ Բասանի կաղնիներէն շինեցին, քու նստարաններդ Կիտացիներու կղզիներէն եկած տօսախէ շինեցին՝ փղոսկրով պատուած։ 7Քու բացած առագաստդ Եգիպտոսի զարդարուն բեհեզներէն էր. քու ծածկոցդ Եղիսայի կղզիներուն կապուտակ ու ծիրանեգոյն կերպասէն էր։ 8Սիդոնի ու Արուադի բնակիչները քու թիավարներդ էին. քու մէջդ եղող իմաստունները, ո՛վ Տիւրոս, անոնք քու նաւավարներդ էին։ 9Գեբաղի ծերերը ու անոր իմաստունները քու մէջդ էին՝ քու ծածկուած նաւերդ նորոգելու համար։ Ծովուն բոլոր նաւերն ու անոնց նաւաստիները քու առուտուրդ ընելու համար քու մէջդ էին։ 10Քու զօրքերուդ մէջ պատերազմիկ Պարսիկները, Ղուդացիներն ու Փուդացիներն էին։ Անոնք քու մէջդ վահան ու սաղաւարտ կը կախէին ու անոնք քեզ փառաւորեցին։ 11Արուադացիները քու զօրքիդ հետ՝ շուրջանակի քու պարիսպներուդ վրայ ու Դամադացիները քու աշտարակներուդ մէջ էին։ Անոնք իրենց վահանները շուրջանակի քու պարիսպներուդ վրայ կը կախէին։ Անոնք քու գեղեցկութիւնդ կատարեալ ըրին։
12«Ամէն տեսակ ապրանք շատ ըլլալուն համար՝ Թարսիսի բնակիչները քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ արծաթի, երկաթի, անագի ու կապարի առուտուր կ’ընէին։ 13Յաւան, Թոբէլ ու Մոսոք քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ մարդ կը փոխանակէին ու պղնձէ ամաններու առուտուր կ’ընէին։ 14Թորգոմի տունէն քու վաճառանոցներդ ձիեր ու կառաձիեր եւ ջորիներ կը բերէին։ 15Դեդանի որդիները քու վաճառականներդ էին. շատ մը կղզիներու վաճառականութիւն քու ձեռքդ էր։ Անոնք քեզի հետ փղոսկրի ժանիքներով ու ոպնիազով փոխանակութիւն կ’ընէին։ 16Ձեռագործներուդ շատութեանը համար Ասորիները քու վաճառականներդ էին։ Քու վաճառանոցներուդ մէջ կարկեհանի, ծիրանեգոյնի, ասեղնագործ կերպասի, բեհեզի, բուստերու ու կարմիր յակինթի առուտուր կ’ընէին։ 17Յուդայի ու Իսրայէլի երկիրը քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ Մեննիթի ցորենի, խմորեղէնի, մեղրի, իւղի ու բալասանի առուտուր կ’ընէին։ 18Ձեռագործներուդ շատութենէն, ամէն տեսակ ապրանքի շատ ըլլալուն համար, Դամասկոս քու վաճառականդ էր՝ Քեղբոնի գինիով ու ճերմակ բուրդով կը փոխանակէին։ 19Վէդան ու Յաւան քու վաճառանոցներդ մանած կը բերէին։ Քու վաճառքներուդ մէջ բանուած երկաթ, կասիա ու խունկեղէն կար։ 20Կառքերու համար պաստառակալներ բերող վաճառականդ Դեդան էր։ 21Արաբացիներն ու Կեդարի բոլոր իշխանները քու պատրաստ վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ գառնուկներու, խոյերու ու նոխազներու առուտուր կ’ընէին։ 22Սաբայի ու Ռեգմայի վաճառականները քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ ամէն տեսակ ընտիր խունկերու եւ ամէն տեսակ պատուական քարերու ու ոսկիի առուտուր կ’ընէին։ 23Խառան, Քաննէ ու Եդեմ, Սաբայի վաճառականները եւ Ասորեստան ու Քաղմադ քու վաճառականներդ էին։ 24Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ քեզի հետ շքեղ հանդերձներով, կապուտակ ու ասեղնագործուած վերարկուներով ու երփներանգ զգեստներով լեցուած ու չուաններով կապուած եղեւնափայտէ սնտուկներու առուտուր կ’ընէին։ 25Թարսիսի նաւերը քու առուտուրիդ համար կը պտըտէին»։ «Այսպէս դուն լեցուեցար ու խիստ փառաւոր եղար ծովուն մէջտեղը»։
26«Թիավարներդ քեզ դէպի շատ ջուրերը առաջնորդեցին։ Արեւելեան հովը քեզ ծովուն մէջտեղը խորտակեց։ 27Քու ապրանքներդ ու վաճառքներդ, քու նաւավարներդ, քու նաւերդ նորոգողներն ու քեզի հետ առուտուր ընողները եւ քու մէջդ եղող բոլոր պատերազմիկները ու քու մէջդ եղող բոլոր բազմութիւնը քու կործանումիդ օրը ծովուն մէջտեղը պիտի ընկղմին։ 28Քու նաւավարներուդ աղաղակին ձայնէն արուարձանները պիտի սարսին։ 29Բոլոր թի քաշող նաւաստիները եւ նաւավարները իրենց նաւերէն պիտի իջնեն ու ցամաքը պիտի կայնին։ 30Իրենց ձայնը քու վրայովդ լսել պիտի տան ու դառնապէս պիտի աղաղակեն եւ իրենց գլուխներուն վրայ հող պիտի ցանեն ու մոխիրի մէջ պիտի թաւալին։ 31Քեզի համար մազերնին պիտի փետտեն եւ քուրձ պիտի հագնին ու քեզի համար սրտի ցաւով ու դառն ողբով պիտի լան։ 32Իրենց սուգին մէջ քեզի համար ողբի ձայն պիտի վերցնեն ու քու վրադ ողբան ըսելով. ‘Կա՞ր Տիւրոսի նման քաղաք, որ ծովուն մէջ բնաջինջ եղաւ’։ 33Քանի որ քու վաճառքներդ ծովէն կ’ելլէին, շատ ազգեր կը կշտացնէիր, շատ ապրանքներով ու առուտուրներով շատ թագաւորներ կը հարստացնէիր։ 34Ջուրերուն խորութեանը մէջ ծովերէն կլլուած ատենդ՝ քու վաճառքներդ եւ բոլոր նաւաստիները քեզի հետ ընկղմեցան։ 35Կղզիներու բոլոր բնակիչները քու վրադ ապշեցան ու անոնց թագաւորները խիստ զարհուրեցան, իրենց երեսները դեղնեցան։ 36Ազգերուն վաճառականները վրադ սուլեցին։ Դուն սոսկումի պատճառ եղար եւ յաւիտենապէս ոչնչացար»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 27: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.