ԵԼԻՑ 10:21-23
ԵԼԻՑ 10:21-23 WARMB
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ խաւար ըլլայ, շօշափելի խաւար մը»։ Եւ Մովսէս իր ձեռքը դէպի երկինք երկնցուց ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ թանձր խաւար եղաւ երեք օր. Մէկզմէկ չէին տեսներ եւ երեք օր մէ՛կը տեղէն չշարժեցաւ, բայց Իսրայէլի որդիները իրենց բնակութիւններուն մէջ լոյս ունէին։





