ԵՍԹԵՐ 9:20-22
ԵՍԹԵՐ 9:20-22 WARMB
Մուրթքէ այս բաները գրեց ու Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ մօտ ու հեռու եղող բոլոր Հրեաներուն թուղթեր ղրկեց, Պատուիրելով անոնց, որ ամէն տարի Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրը ու անոր տասնըհինգերորդ օրը տօն կատարեն (Քանի որ այդ օրերուն Հրեաները իրենց թշնամիներէն հանգստացան եւ այդ ամսուն անոնց տրտմութիւնը՝ ուրախութեան ու անոնց սուգը ցնծութեան փոխուեցաւ), զանոնք կոչունքի եւ ուրախութեան օրեր ընեն, որոնց մէջ ամէն մարդ իր բարեկամին՝ ընծաներ ու աղքատներուն պարգեւներ ղրկեն։





