ԵՍԹԵՐ 3
3
ՀԱՄԱՆ ՀՐԵԱՆԵՐԸ ՋՆՋԵԼ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ
1Այս բաներէն ետքը Ասուերոս թագաւորը Ագագացի Ամադաթայի որդին Համանը մեծցուց ու զանիկա բարձրացուց ու անոր աթոռը իրեն հետ եղող բոլոր իշխաններուն վերի կողմը դրաւ։ 2Եւ թագաւորին դուռը եղող թագաւորին բոլոր ծառաները ծնրադրութեամբ երկրպագութիւն կ’ընէին Համանին, վասն զի թագաւորը անոր համար այսպէս հրամայեր էր. բայց Մուրթքէ ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չէր ըներ։ 3Թագաւորին դուռը եղող՝ թագաւորին ծառաները Մուրթքէին ըսին. «Ինչո՞ւ համար դուն թագաւորին հրամանէն դուրս կ’ելլես»։ 4Անոնք ամէն օր անոր կ’ըսէին ու երբ անոնց մտիկ չըրաւ, այն ատեն Համանին իմացուցին, որպէս զի տեսնեն թէ #3:4 Կամ, արդեօք Մուրթքէ իր խօսքերուն վրայ հաստատ պիտի կենա՞յՄուրթքէին բանը ո՞ւր պիտի հասնի՝ ՝. վասն զի անիկա իր Հրեայ ըլլալը անոնց իմացուցեր էր։ 5Երբ Համան տեսաւ թէ Մուրթքէ իրեն ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չըներ, խիստ բարկացաւ 6Ու միայն Մուրթքէին ձեռք զարնելը անոր աչքին անարժէք երեւցաւ, քանի որ Մուրթքէին ազգը անոր իմացուցեր էին. Համան Մուրթքէին ազգը, այսինքն Ասուերոսի բոլոր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ։
7Առաջին ամսուան, այսինքն Նիսան ամսուան մէջ Ասուերոս թագաւորին տասնըերկրորդ տարին մինչեւ տասնըերկրորդ ամիսը, այսինքն Ադար ամիսը, օրէ օր ու ամսէ ամիս Համանին առջեւ Փուր, այսինքն վիճակ ձգեցին։
8Համան Ասուերոս թագաւորին ըսաւ. «Քու թագաւորութեանդ բոլոր գաւառներուն մէջ՝ ժողովուրդներուն մէջ ցրուած ու տարածուած ազգ մը կայ։ Անոնց օրէնքները բոլոր ժողովուրդներուն օրէնքներէն տարբեր են, որով թագաւորին օրէնքները չեն կատարեր. ուստի չի վայլեր, որ թագաւորը անոնց թոյլտուութիւն ընէ։ 9Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, #3:9 Եբր., գրուիհրաման տրուի՝ ՝, որ զանոնք կորսնցնեն։ Ես պաշտօնատարներուն ձեռքը, թագաւորին գանձը բերելու համար, տասը հազար տաղանդ արծաթ կը կշռեմ կու տամ»։ 10Այն ատեն թագաւորը իր ձեռքէն իր մատանին հանեց ու զանիկա Հրեաներու թշնամիին, Ագագացի Ամադաթայի որդիին Համանին տուաւ։ 11Թագաւորը Համանին ըսաւ. «Այն արծաթը քեզի կու տամ ու այն ազգն ալ, որպէս զի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ընես անոնց»։
12Առաջին ամսուան տասներեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան ու թագաւորին նախարարներուն ու բոլոր գաւառներուն վրայ եղող կուսակալներուն ու ամէն գաւառի ամէն մէկ ժողովուրդին իշխաններուն իրենց գրովը ու ամէն ժողովուրդին իր լեզուովը Համանին հրամայածին պէս Ասուերոս թագաւորին անունովը գրուեցաւ ու թագաւորին մատանիովը կնքուեցաւ 13Եւ սուրհանդակներու ձեռքով թագաւորին բոլոր գաւառները հրովարտակներ ղրկուեցան, որպէս զի մէկ օրուան մէջ, տասնըերկրորդ ամսուն, այսինքն Ադար ամսուն, տասնըերեքերորդ օրը, բոլոր Հրեաները, երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, նաեւ տղաքներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն եւ անոնց ունեցածը իբրեւ աւար յափշտակեն։ 14Ու հրովարտակին #3:14 Եբր., օրինակըպատուէրը այնպէս էր՝ որ հրամանը ամէն մէկ գաւառի մէջ հրատարակուի ու բոլոր ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի այն օրուան համար պատրաստ գտնուին։ 15Սուրհանդակները թագաւորին հրամանէն ստիպուելով՝ ճամբայ ելան ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ #3:15 Եբր., տրուեցաւհրատարակուեցաւ եւ թագաւորը ու Համան խմելու նստան, սակայն Շուշան քաղաքը շփոթութեան մէջ էր։
Currently Selected:
ԵՍԹԵՐ 3: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.