YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԹԵՐ 2

2
ԵՍԹԵՐ ԹԱԳՈՒՀԻ Կ’ԸԼԼԱՅ
1Երբ Ասուերոս թագաւորին բարկութիւնը իջաւ, Վաշթին ու անոր ըրածը ու անոր դէմ եղած վճիռը յիշեց։ 2Թագաւորին ծառայութիւն ընող սպասաւորները ըսին. «Թագաւորին համար գեղեցիկ կոյս աղջիկներ փնտռենք 3Ու թագաւորը իր թագաւորութեանը բոլոր գաւառներուն մէջ վերակացուներ թող դնէ, որպէս զի ամենէն գեղեցիկ կոյս աղջիկը ընտրեն ու Շուշան մայրաքաղաքը, կիներու տունը, թագաւորին ներքինիին, կիներու պահապան եղող Հեգէին ձեռքին տակ հաւաքեն ու անոնց մաքրութեանը համար պէտք եղած բաները տրուին։ 4Թագաւորին աչքին հաճոյ երեւցած աղջիկը Վաշթիին տեղ թագուհի ըլլայ»։ Այս խօսքը թագաւորին հաճելի եղաւ ու այնպէս ըրաւ։
5Շուշան մայրաքաղաքին մէջ Հրեայ մարդ մը կար, որուն անունը Մուրթքէ էր, Բենիամինեան Կիսին որդիին Սեմէէին որդիին Յայիրին որդին էր։ 6Ասիկա Երուսաղէմէն գերի բերուած էր այն գերիներուն հետ, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գերած Յուդայի Յեքոնիա թագաւորին հետ բերուեցան։ 7Անիկա իր հօրեղբօրը աղջիկը Ադասսան, այսինքն Եսթերը, կը պահէր, վասն զի անիկա հայր ու մայր չունէր։ Այս աղջիկը գեղեցիկ դէմք ու վայելուչ կերպարանք մը ունէր եւ անոր հօրն ու մօրը մեռնելէն ետքը՝ Մուրթքէ զանիկա իբրեւ աղջիկ առեր էր իր քով։
8Երբ թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը լսուեցաւ եւ Շուշան մայրաքաղաքին մէջ Հեգէի ձեռքին տակ շատ աղջիկներ հաւաքուեցան, Եսթեր ալ թագաւորին պալատը, կիներու պահապան եղող Հեգէին պահպանութեանը յանձնուեցաւ։ 9Աղջիկը անոր հաճելի եղաւ ու անոր առջեւ շնորհք գտաւ եւ շուտով անոր մաքրութեան համար պէտք եղած բաներն ու անոր ռոճիկը ու թագաւորին պալատէն անոր տրուելու համար պատրաստուած եօթը աղախինները տուաւ անոր եւ զանիկա իր աղախիններուն հետ կիներու տանը ամենէն աղէկ տեղը փոխադրեց։ 10Եսթեր իր ազգն ու ծնունդը չյայտնեց. վասն զի Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր, որ չյայտնէ։ 11Եւ Մուրթքէ ամէն օր կիներու տանը գաւիթին առջեւ կը պտըտէր, որպէս զի Եսթերին առողջութիւնն ու անոր ինչ ըլլալիքը իմանայ։
12Երբ ամէն մէկ աղջկան կարգը կու գար Ասուերոս թագաւորին քով երթալու՝ կիներու սովորութեանը պէս տասներկու ամիսը լմննալէն ետքը, (որովհետեւ անոնց մաքրութեան օրերը այս կերպով, այսինքն վեց ամիս զմուռսի իւղով ու վեց ամիս անուշահոտ խունկերով ու կիներու մաքրութեանը վերաբերեալ բաներովը կը լմննար), 13Աղջիկը թագաւորին քով կու գար. անիկա ինչ որ ուզէր՝ անոր կը տրուէր, որպէս զի իրեն հետ կիներու տունէն թագաւորին պալատը երթայ։ 14Անիկա իրիկունը կ’երթար ու առաւօտուն կիներուն միւս տունը, հարճերուն պահապանը եղող թագաւորին ներքինիին Սաասգազին ձեռքին տակ կը դառնար։ Անիկա անգամ մըն ալ թագաւորին քով չէր երթար, բայց միայն՝ եթէ թագաւորը անոր հաւնէր ու անիկա անունով կանչուէր։
15Թագաւորին քով երթալու կարգը Մուրթքէին հօրեղբօրը Աբիքէլին աղջկանը՝ Եսթերին գալով (զոր Մուրթքէ իրեն աղջիկ ըրեր էր), կիներու պահապանը եղող թագաւորին Հեգէ ներքինիին ըսածէն զատ ուրիշ բան չխնդրեց։ Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն առջեւ շհորհք գտաւ։ 16Եսթեր Ասուերոս թագաւորին քով՝ անոր թագաւորական պալատը առնուեցաւ տասներորդ ամիսը, այսինքն Թէբէթ ամսուան մէջ, անոր թագաւորութեանը եօթներորդ տարին։ 17Թագաւորը Եսթերը բոլոր կիներէն աւելի սիրեց ու անիկա անոր առջեւ բոլոր աղջիկներէն աւելի սէր ու շնորհք գտաւ եւ թագաւորական թագը անոր գլուխը դրաւ ու զանիկա Վաշթիին տեղ թագուհի ըրաւ։ 18Թագաւորը իր բոլոր իշխաններուն ու ծառաներուն մեծ կոչունք տուաւ, այսինքն Եսթերի կոչունք ու գաւառներուն հանգստութիւն շնորհեց եւ թագաւորի վայել պարգեւներ տուաւ։
ՄՈՒՐԹՔԷ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՓՐԿԷ
19Երբ երկրորդ անգամ աղջիկներ հաւաքեցին, Մուրթքէն թագաւորին դուռը կը նստէր։ 20Եսթեր իր ծնունդն ու իր ազգը յայտնած չէր, ինչպէս Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր. վասն զի Մուրթքէին ըսածը կ’ընէր՝ անոր քով մեծցած ատենուան պէս։
21Այն օրերը երբ Մուրթքէ թագաւորին դուռը կը նստէր, դրան պահապաններէն Բիգթան ու Թարէս, թագաւորին երկու ներքինիները, սրդողելով, Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել #2:21 Եբր., փնտռեցինխորհեցան։ 22Մուրթքէ այս բանը իմանալով՝ Եսթեր թագուհիին յայտնեց ու Եսթեր Մուրթքէին անունովը թագաւորին պատմեց։ 23Այս բանը քննուելով ճշմարիտ գտնուեցաւ ու անոնց երկուքն ալ ծառէ մը կախուեցան ու թագաւորին ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուեցաւ։

Currently Selected:

ԵՍԹԵՐ 2: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in