ԵՍԹԵՐ 1
1
ՎԱՇԹԻ ԹԱԳՈՒՀԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ԳՐԳՌԷ
1Ասուերոս թագաւորը, որ Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա հարիւր քսանըեօթը գաւառի վրայ կը թագաւորէր՝ 2Իր թագաւորութեան երրորդ տարին՝ Շուշան մայրաքաղաքին մէջ կոչունք մը տուաւ բոլոր իշխաններուն ու ծառաներուն։ 3Եւ Մարերու ու Պարսիկներու #1:3 Եբր., զօրութիւնըմեծերը, նախարարներն ու գաւառներու իշխանները անոր առջեւ էին։ 4Այն ատեն շատ օրեր, այսինքն հարիւր ութսուն օր, իր թագաւորութեան փառաւոր հարստութիւնն ու իր մեծութեան պատուական շքեղութիւնը ցուցուց։
5Երբ այն օրերը լմնցան, թագաւորը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող բոլոր ժողովուրդին, մեծէն մինչեւ պզտիկին, թագաւորական պալատին պարտէզին գաւիթին մէջ եօթը օր կոչունք տուաւ։ 6Ճերմակ բեհեզէ, կերպասէ ու կապուտակէ վարագոյրներ՝ բարակ քթանէ եւ ծիրանեգոյն չուաններով ու արծաթէ օղակներով՝ մարմարիոն սիւներէ կախուած էին եւ պորփիւրէ, ճերմակ մարմարիոնէ, ալապաստրէ ու սեւ մարմարիոնէ յատակի վրայ ոսկիէ ու արծաթէ նստարաններ շարուած էին։ 7Խմելիքները ոսկիէ ամաններով ու տեսակ տեսակ ամաններով կու տային։ Թագաւորական գինին առատ էր, #1:7 Եբր., թագաւորին ձեռքին համեմատինչպէս թագաւորին կը վայլէր՝ ՝։ 8Խմելիքը կանոնաւոր էր, բռնադատող չկար. վասն զի թագաւորը այսպէս հրամայեր էր իր տանը բոլոր վերակացուներուն, որ ամէն մէկուն ուզածին պէս ընեն։ 9Վաշթի թագուհին ալ Ասուերոս թագաւորին պալատին մէջ կիներուն կոչունք տուաւ։
10Եօթներորդ օրը, երբ թագաւորին սիրտը գինիէն զուարթացեր էր, #1:10 Եբր., Ասուերոս թագաւորինիր առջեւ ծառայութիւն ընող եօթը ներքինիներուն՝ Մէհումանին, Բիզթային, Արբոնային, Բիգթային, Աբագթային, Զեթարին ու Քարքասին ըսաւ, 11Որ Վաշթի թագուհին իր արքայական թագովը թագաւորին առջեւ բերեն, որպէս զի ժողովուրդներն ու իշխանները անոր գեղեցկութիւնը տեսնեն. վասն զի անիկա տեսքով գեղեցիկ էր։ 12Բայց Վաշթի թագուհին ներքինիներուն միջոցով եղած թագաւորին հրամանին մերժեց հնազանդիլ։ Թագաւորը խիստ սրդողեցաւ ու իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։
13Այն ատեն թագաւորը ժամանակները գիտցող իմաստուններուն ըսաւ (վասն զի թագաւորը ամէն օրէնք ու իրաւունք գիտցողներուն խորհուրդ կը հարցնէր։ 14Մարերու ու Պարսիկներու եօթը իշխանները, Կարսենան, Սեթարը, Ադմաթան, Թարսիսը, Մերէսը, Մարսենան եւ Մեմուքան, որոնք անոր մօտ էին ու թագաւորին երեսը կը տեսնէին, թագաւորութեան առաջին խորհրդականներն էին). 15Օրէնքով ի՞նչ պէտք է ընել Վաշթի թագուհիին. քանի որ Ասուերոս թագաւորին ներքինիներուն միջոցով ղրկած հրամանը չկատարեց»։
16Այն ատեն Մեմուքան՝ թագաւորին ու իշխաններուն առջեւ ըսաւ. «Վաշթի թագուհին ո՛չ միայն թագաւորին դէմ, հապա բոլոր իշխաններուն դէմ ու Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող բոլոր ժողովուրդներուն դէմ յանցանք գործեց. 17Վասն զի թագուհիին ըրածը բոլոր կիներուն մէջ տարածուելով, անոնք իրենց այրերը պիտի անարգեն, ըսելով. ‘Ասուերոս թագաւորը հրամայեց, որ Վաշթի թագուհին իր առջեւ գայ, բայց անիկա չեկաւ’։ 18Եւ այսօր թագուհիին ըրածը լսող Մարերու եւ Պարսիկներու տիկինները թագաւորին բոլոր իշխաններուն այսպէս պիտի ըսեն ու խիստ շատ անարգանք ու հակառակութիւն պիտի ծագի։ 19Արդ՝ եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, իր կողմէ հրովարտակ մը հանուի եւ Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքներուն մէջ դրուի, որպէս զի չփոխուի, որ Վաշթի անգամ մըն ալ Ասուերոս թագաւորին առջեւ չգայ ու թագաւորը անոր տիկնութիւնը անկէ աղէկ եղող ուրիշ կնոջ մը տայ։ 20Ու երբ թագաւորին հրամանը լսուի իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ, որ շատ ընդարձակ է, բոլոր կիները, մեծէն մինչեւ պզտիկը իրենց այրերը պիտի պատուեն»։
21Այս խօսքը թագաւորին ու իշխաններուն հաճոյ երեւցաւ ու թագաւորը Մեմուքանին ըսածին պէս ըրաւ։ 22Թագաւորին բոլոր գաւառներուն, ամէն մէկ գաւառին իր գրովը ու ամէն մէկ ժողովուրդին իր լեզուովը նամակներ ղրկեց, որ ամէն մարդ իր տանը մէջ տէր ըլլայ ու իր ժողովուրդին լեզուովը խօսի։
Currently Selected:
ԵՍԹԵՐ 1: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: