YouVersion Logo
Search Icon

ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2

2
1Քանզի կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս մեծ անձկութիւն ունիմ ձեզի ու Լաւոդիկեցիներուն համար ու ամէն անոնց՝ որոնք իմ երեսս մարմնով չեն տեսներ. 2Որպէս զի անոնց սրտերը մխիթարուին՝ սիրով միացած ու կատարեալ իմաստութեան բոլոր ճոխութեանը հասնին, այսինքն Հօր Աստուծոյ եւ Քրիստոսին խորհուրդին գիտութեանը. 3Որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են։ 4Ասիկա կ’ըսեմ, որ չըլլայ թէ մէկը սուտ խօսքերով ձեզ մոլորեցնէ։ 5Որ թէպէտ մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ձեզի հետ եմ եւ կ’ուրախանամ երբ ձեր բարի վարքը տեսնեմ ու ձեր հաւատքին հաստատութիւնը՝ Քրիստոսին վրայ։
ԿԵԱՆՔԻ ԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ
6Ուստի ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք, 7Արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած, ինչպէս սորվեցաք եւ անոր մէջ աճեցէ՛ք գոհութիւնով։ 8Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս։ 9Վասն զի մարմնապէս անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը։ 10Եւ դուք ալ անով լեցուած էք, որ գլուխն է բոլոր իշխանութեան ու պետութեան։ 11Որով դուք անձեռագործ թլփատութիւնով թլփատուեցաք #2:11 Յուն., մարմնի մեղքերումեղքերու մարմնէն մերկանալով Քրիստոսին թլփատութիւնովը։ 12Թաղուելով անոր հետ մկրտութիւնով, որով նաեւ անոր հետ յարութիւն առիք Աստուծոյ զօրութեանը հաւատալով, որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց։ 13Եւ ձեզ, որ ատեն մը յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմնին անթլփատութեանը մէջ մեռած էիք, կենդանացուց անոր հետ. մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի։ 14Ու հրամաններով հաստատուած պարտամուրհակը, որ մեզի հակառակ էր, ջնջեց, մէջտեղէն վերցուց ու խաչափայտին վրայ գամեց. 15Եւ իշխանութիւններն ու պետութիւնները մերկացուց ու յայտնապէս խայտառակեց՝ յաղթելով անոնց #2:15 Կամ, իր անձովըանով։
16Ուստի ալ մէկը թող չդատէ՛ ձեզ ուտելու կամ խմելու կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ շաբաթներու խնդրով, 17Որոնք գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսն է։ 18Չըլլայ թէ ոեւէ մէկը ձեզ խաբէ եւ ուզէ խոնարհութիւնով ու հրեշտակներու պաշտամունքով չտեսած բաներուն միջամուխ ըլլալ, իր մարմնաւոր մտքովը փուճ տեղ հպարտանալով 19Եւ չբռնէ Գլուխը՝ ուրկէ բոլոր մարմինը յօդուածներով ու խաղերով հաղորդուած ու մէկտեղ կցուած՝ Աստուծոյ աճումովը կ’աճի։
ՄԵՌՆԻԼ ԵՒ ԱՊՐԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՀԵՏ
20Եթէ դուք Քրիստոսին հետ այս աշխարհին սկզբունքներէն մեռաք, ալ ինչո՞ւ համար աշխարհի մէջ կենդանի եղողներու պէս այսպիսի կանոններու կը հնազանդիք, ըսելով. 21«Մի՛ մօտենար, համը մի՛ առներ, մի՛ դպչիր», 22(Որոնք ապականուած են գործածութեամբ,) մարդոց պատուիրանքներուն ու սորվեցուցածներուն համեմատ, 23Որոնք իմաստութեան կերպարանք ունին ինքնակամ կրօնքով ու խոնարհութիւնով եւ մարմնին չխնայելով, բայց ոչ թէ պատիւի արժանի են, հապա մարմինը յագեցնելու կը ծառայեն։

Currently Selected:

ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy