YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 6

6
ԵՕԹԸ ՕԳՆԱԿԱՆՆԵՐ
1Այն օրերը երբ աշակերտները շատցան, #6:1 Այսինքն, Հելլենախօս ՀրեաներուՀելլենացիներու կողմէ տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ վասն զի իրենց որբեւարիները ամէն օրուան ողորմութեան մատակարարուելուն ատեն անտես կ’ըլլային։ 2Տասներկուքը կանչեցին աշակերտներուն բազմութիւնը ու ըսին. «Մեզի չի վայլեր Աստուծոյ խօսքը ձգել ու սեղաններու ծառայութիւն ընել։ 3Ուստի, եղբա՛յրներ, ձեզմէ եօթը հոգի ընտրեցէք՝ բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն, որպէս զի զանոնք այս գործին վրայ դնենք 4Եւ մենք աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապինք»։ 5Այս խօսքը բոլոր բազմութեան առջեւ հաճոյ երեւցաւ. ուստի ընտրեցին Ստեփանոսը, հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանովրան, Տիմովնան, Պարմենան եւ Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին 6Ասոնք առաքեալներուն առջեւ կայնեցուցին։ Անոնք ալ աղօթք ընելով՝ ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։ 7Եւ Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին։
ՍՏԵՓԱՆՈՍԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ
8Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութիւնով լեցուած մարդ մըն էր, մեծ հրաշքներ եւ նշաններ կ’ընէր ժողովուրդին մէջ։ 9Բայց ոմանք՝ այն ժողովարանէն, որ Ազատացիներուն եւ Կիւրենացիներուն ու Աղեքսանդրացիներուն ժողովարան կ’ըսուէր եւ ոմանք որ Կիլիկիայէն ու Ասիայէն էին, ելան ու Ստեփանոսին հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին։ 10Բայց չէին կրնար դէմ դնել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր։ 11Այն ատեն հրապուրեցին քանի մը մարդիկ, որպէս զի ըսեն թէ՝ ‘Մենք լսեցինք որ ատիկա հայհոյութիւն կ’ընէր Մովսէսին ու Աստուծոյ’։ 12Եւ գրգռեցին ժողովուրդը ու ծերերը եւ դպիրները ու անոր վրայ հասնելով զինք բռնեցին ու ատեանը տարին։ 13Սուտ վկաներ կայնեցուցին, որոնք կ’ըսէին. «Այս մարդը չի դադարիր հայհոյելէ սուրբ տեղին եւ օրէնքին։ 14Քանզի լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր թէ՝ ‘Այս Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քակէ այս տեղը ու պիտի փոխէ Մովսէսին մեզի աւանդած սովորութիւնները’»։ 15Ատեանը նստողներուն ամէնքը երբ անոր նայեցան, անոր երեսը հրեշտակի պէս տեսան։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in