ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 27
27
ՊՕՂՈՍ ԴԷՊԻ ՀՌՈՎՄ ԿԸ ՆԱՒԷ
1Երբ որոշուեցաւ որ նաւով Իտալիա երթանք, Պօղոսը եւ ուրիշ քանի մը կապուածներ յանձնեցին հարիւրապետի մը, որուն անունը Յուլիոս էր, Սեբաստեան գունդէն։ 2Ադրամինտական նաւ մը մտնելով՝ ճամբայ ելանք։ Ասիոյ կողմէն կը նաւարկէինք. Թեսաղոնիկէէ եղող Արիստարքոս Մակեդոնացին ալ մեզի հետ էր։ 3Հետեւեալ օրը Սիդոն հասանք։ Յուլիոս մարդասիրութիւն ցուցնելով Պօղոսին՝ հրաման տուաւ որ բարեկամներուն երթայ ու դարմանուի։ 4Անկէ ելլելով՝ Կիպրոսի վարի կողմէն նաւարկեցինք՝ հովին դէմ ըլլալուն համար։ 5Ետքը Կիլիկիոյ ու Պամփիւլիոյ ծովուն մէջէն նաւարկելով՝ Լիկիայի Միռա քաղաքը հասանք։ 6Հարիւրապետը հոն Աղեքսանդրիական նաւ մը գտնելով, որ Իտալիա կ’երթար, մեզ անոր մէջ մտցուց։ 7Շատ օրեր կամաց կամաց նաւելով՝ հազիւ թէ Կնիդոսի քովերը հասանք, հովը մեզի դէմ ըլլալով՝ Կրետէի վարի կողմէն Սաղմոնայի քովէն նաւեցինք 8Եւ դժուարաւ անկէ անցնելով՝ տեղ մը եկանք, որ Գեղեցիկ նաւահանգիստ կը կոչուէր, որուն մօտ էր Ղասիա քաղաքը։
9Շատ ժամանակ անցաւ եւ նաւին ճամբայ ելլելն ալ վտանգաւոր էր, ծոմին ատենն ալ արդէն անցած ըլլալով, Պօղոս խրատ կու տար 10Եւ կ’ըսէր անոնց. «Մարդի՛կ, ես կը տեսնեմ թէ այս նաւին ճամբայ ընելը տառապանքով ու շատ վնասով պիտի ըլլայ ո՛չ միայն բեռան ու նաւին՝ հապա մեր անձերուն ալ»։ 11Բայց հարիւրապետը աւելի նաւապետին եւ նաւավարին մտիկ կ’ընէր՝ քան թէ Պօղոսին խօսքերուն։ 12Որովհետեւ այն նաւահանգիստը յարմար չէր ձմեռը հոն անցընելու, շատերը խորհեցան անկէ երթալ, որ թերեւս կարող ըլլան Փիւնիկէ հասնիլ ու ձմեռը հոն կենալ, որ Կրետէի նաւահանգիստ մըն է ու դէպի հարաւ եւ արեւմտեան հիւսիս կը նայի։
ՓՈԹՈՐԻԿ ԾՈՎՈՒՆ ՎՐԱՅ
13Երբ հարաւային մեղմ հով մը փչեց, կարծելով թէ իրենց դիտաւորութեանը հասեր են, ճամբայ ելանք ու Կրետէի քովերէն անցանք։ 14Շատ ատեն չանցած՝ մրրկալից հով մը ելաւ մեր դէմ, որ Եւրակիկլոն կը կոչուի։ 15Նաւը յափշտակուեցաւ եւ հովին դէմ չկրցաւ դիմանալ։ Թող տուած՝ կ’երթայինք ու կու գայինք. 16Դէպի փոքր կղզիի մը ետեւի կողմը դիմելով, որ Կղօդա կը կոչուէր, հազիւ կրցանք մակոյկը բռնել. 17Որը վեր առին ու միջոցներ գործածելով՝ նաւը տակէն կապեցին եւ վախնալով որ չըլլայ թէ #27:17 Ոմանք, ծանծաղուտըյորձանուտը իյնան, առագաստը իջեցուցած՝ կ’երթային ու կու գային։ 18Քանի որ սաստիկ ալեկոծութեան մէջ էինք, յաջորդ օրը բեռները դուրս նետեցին։ 19Երրորդ օրը նաւին գործիքները մեր ձեռքերով դուրս նետեցինք։ 20Շատ օրեր ո՛չ արեւ, ո՛չ ալ աստղեր կ’երեւնային եւ փոթորիկը քիչ չէր մեր վրայ։ Ա՛լ բոլորովին մեր ազատուելու յոյսը կտրուեցաւ։ 21Որովհետեւ շատ օրերէ ի վեր անօթի էին, Պօղոս անոնց մէջ կայնելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ մարդիկ, պէտք էր որ ինծի մտիկ ընէիք ու Կրետէէն չելլէիք եւ այս տառապանքն ու վնասը չքաշէիք։ 22Հիմա ալ ձեզ կը յորդորեմ, որ սիրտ առնէք, քանզի ձեզմէ մէկո՛ւն անձին վնաս մը պիտի չըլլայ, միայն նաւին, 23Վասն զի այս գիշեր երեւցաւ ինծի հրեշտակը այն Աստուծոյն, որունն եմ ես եւ որ կը պաշտեմ 24Եւ ըսաւ. ‘Մի վախնար, Պօղոս, Կայսրին դիմաց պէտք է որ ելլես դուն. ուստի Աստուած քեզի շնորհեց զանոնք, որոնք քեզի հետ նաւին մէջ են’։ 25Ուստի, մա՛րդիկ, սի՛րտ առէք, վասն զի ես կը հաւատամ Աստուծոյ՝ որ այսպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս ինծի ըսուեցաւ։ 26Միայն թէ՝ պէտք է որ կղզի մը իյնանք»։
27Տասնըչորրորդ գիշերն էր, որ Ադրիական ծովուն մէջ կը տարուբերէինք, կէսգիշերին նաւավարները կը կարծէին թէ երկրի մը մօտեցեր են։ 28Գնդակը ձգելով՝ քսան գրկաչափ գտան։ Քիչ մըն ալ յառաջ երթալով՝ նորէն ձգեցին եւ տասնըհինգ գրկաչափ գտան։ 29Ու վախնալով որ չըլլայ թէ քարոտ տեղեր իյնան, ետեւի կողմէն չորս խարիսխ ձգեցին եւ անձկութեամբ լուսնալուն կը սպասէինք։ 30Իսկ նաւավարները նաւէն փախչիլ ուզելով՝ մակոյկը ծովը իջեցուցին, ձեւացնելով թէ առջեւի կողմէն ալ խարիսխներ պիտի ձգեն։ 31Բայց Պօղոս ըսաւ հարիւրապետին ու զինուորներուն. «Եթէ ատոնք նաւին մէջ չկենան՝ դուք չէք կրնար ազատիլ»։ 32Այն ատեն զինուորները մակոյկին չուանները կտրեցին եւ թողուցին որ հեռանայ։ 33Առտուն՝ Պօղոս կ’աղաչէր ամենուն որ կերակուր ուտեն, ըսելով. «Այսօր տասնըչորս օր է, որ դուք սպասելով անօթի մնացեր էք ու բան մը կերած չէք, 34Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի որ կերակուր ուտէք, վասն զի այս ալ ձեր ազատութեանը համար է. քանզի ձեզմէ մէկո՛ւն գլխէն մազ մը պիտի չկորսուի»։ 35Այսպէս ըսելով՝ հաց առաւ ու ամենուն առջեւ Աստուծմէ գոհացաւ եւ կտրելով սկսաւ ուտել։ 36Ամէնքն ալ սիրտ առին ու իրենք ալ կերակուր կերան։ 37Նաւին մէջ երկու հարիւր եօթանասունըվեց հոգի էինք։ 38Երբ կշտացան կերակուրով, նաւը թեթեւցուցին՝ ցորենը ծովը թափելով։
ՆԱՒԱԲԵԿՈՒԹԻՒՆ
39Առտուն, ցամաքը չէին ճանչնար, միայն ծոց մը կը նշմարէին որ ծովեզերք ունէր ու կը խորհէին հնարք մը գտնել, որ կարելի ըլլայ նաւը անոր մէջ մխել։ 40Խարիսխները կտրելով՝ ծովը ձգեցին ու ղեկերուն կապերը թուլցուցին եւ առագաստը հովին բանալով՝ դէպի այն ծովեզերքը գացին 41Եւ այնպիսի տեղ մը ինկան, որուն երկու կողմը ծով էր։ Նաւը նստեցուցին։ Նաւին առջեւի կողմը խրեցաւ եւ անշարժ մնաց։ Ետեւի կողմը ալիքներուն սաստկութնէն կը քակուէր։ 42Զինուորներն ալ խորհուրդ ըրին որ կապուածները սպաննեն, որ չըլլայ թէ մէկը լողայ ու փախչի։ 43Բայց հարիւրապետը, որ Պօղոսը ազատել կ’ուզէր, արգիլեց անոնց այն խորհուրդը եւ հրաման տուաւ որ լողալ գիտցողները առաջ նետուին ու ցամաք ելլեն. 44Եւ մնացածները, ոմանք տախտակներով եւ ոմանք ուրիշ բաներով եւ այսպէս՝ ամէնքը ազատեցան, ցամաք ելան։
Currently Selected:
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 27: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.