YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 22

22
1«Մարդի՛կ եղբայրներ եւ հա՛յրեր, ինծի մտի՛կ ըրէք որ հիմա ձեզի պատասխան տամ։ 2(Երբ լսեցին որ Եբրայական լեզուով կը խօսէր իրենց, ա՛լ աւելի լուռ կեցան) 3Եւ անիկա ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնի մէջ ծնած եւ այս քաղաքին մէջ Գամաղիէլի ոտքը մեծցած ու մեր հայրենի օրէնքին ճշդութեանը մէջ կրթուած, նախանձաւոր էի Աստուծոյ, ինչպէս այսօր դուք ամէնքդ էք։ 4Որ այրեր ու կիներ կապելով ու բանտերու մատնելով հալածեցի մինչեւ մահ։ 5Քահանայապետն ալ կը վկայէ ինծի համար եւ բոլոր ծերակոյտը, որոնցմէ թուղթեր ալ առնելով Դամասկոս կ’երթայի, որպէս զի հոն եղածներն ալ կապուած Երուսաղէմ բերեմ որ պատժուին»։
ՊՕՂՈՍ ԻՐ ԴԱՐՁԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ
(Գործ. 9:1-19, 26:12-18)
6«Բայց երբ կ’երթայի ու Դամասկոսի մօտեցայ, կէսօրուան դէմ յանկարծակի երկնքէն մեծ լոյս մը փայլատակեց իմ բոլորտիքս 7Եւ գետինը ինկայ ու ձայն մը լսեցի, որ ինծի կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։ 8Ես ալ պատասխան տուի թէ՝ «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»։ Ան ալ ինծի ըսաւ. «Ես Յիսուս Նազովրեցին եմ որ դուն կը հալածես»։ 9Անոնք որ ինծի հետ էին, լոյսը տեսան ու վախով լեցուեցան, սակայն ինծի խօսողին ձայնը չլսեցին։ 10Ես ըսի. «Ի՞նչ ընեմ, Տէր»։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, գնա՛ Դամասկոս ու հոն քեզի պիտի խօսուի այն ամէն բաներուն վրայ, որ սահմանուած է որ ընես»։ 11Քանի որ չէի տեսներ այն լոյսին փառաւորութենէն, ինծի հետ եղողները ձեռքէս բռնած՝ Դամասկոս տարին։ 12Անանիա անուն մարդ մը, օրէնքին համեմատ աստուածավախ ու Դամասկոս բնակող բոլոր Հրեաներէն բարի վկայուած, 13Ինծի եկաւ ու քովս կայնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, վե՛ր նայէ»։ 14Ես ալ նոյն ժամուն վեր նայեցայ իրեն եւ անիկա ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը առաջուընէ քեզ ընտրեց, որպէս զի իր կամքը ճանչնաս ու այն Արդարը տեսնես եւ անոր բերնէն ձայն լսես։ 15Քանզի բոլոր մարդոց առջեւ անոր վկայ պիտի ըլլաս այն բաներուն համար, որոնք տեսար ու լսեցիր։ 16Հիմա, ալ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛ ու մեղքերդ լուա՛յ #22:16 Ոմանք, Տէրոջըանոր անունը կանչելով»։
ՊՕՂՈՍ ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐՈՒՆ ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻ
17Երբ Երուսաղէմ դարձայ ու տաճարին մէջ աղօթք կ’ընէի, մտքի յափշտակութիւն մը եկաւ վրաս. 18Եւ զինք տեսայ, որ ինծի կ’ըսէր. «Արտորցի՛ր, շուտով Երուսաղէմէն ելի՛ր, վասն զի քու ինծի համար ըրած վկայութիւնդ պիտի չընդունին»։ 19Ես ալ ըսի. «Տէ՛ր, իրենք աղէկ գիտեն թէ ես էի որ քեզի հաւատացողները բանտը կը դնէի եւ ժողովարաններուն մէջ կը ծեծէի 20Ու երբ քու Ստեփանոս վկայիդ արիւնը կը թափուէր՝ ես ինքս ալ ներկայ էի եւ կամակից էի #22:20 Ոմանք չունինանոր սպաննուելուն՝ ՝ ու զանիկա սպաննողներուն հանդերձները ե՛ս կը պահէի»։ 21Բայց ինծի ըսաւ. «Գնա՛, վասն զի ես քեզ հեռաւոր հեթանոսներուն պիտի ղրկեմ»։
22Հոն եղողները՝ մինչեւ այս խօսքը ականջ դրին իրեն՝ ետքը ձայներնին վերցուցին ու ըսին. «Վերցո՛ւր աշխարհէն այդ մարդը, քանզի չի վայլեր ատոր ողջ մնալ»։ 23Երբ կը կանչուըռտէին ու հանդերձնին կը նետէին եւ փոշին դէպի օդը կը ցանէին, 24Հազարապետը հրաման ըրաւ, որ զանիկա բերդը մտցնեն ու ըսաւ որ ծեծով հարցուփորձ ընեն, որպէս զի գիտնայ թէ ի՞նչ յանցանքի համար անոր դէմ այնպէս կը կանչուըռտէին։ 25Երբ կաշի կապերով զինք կապեցին, Պօղոս վերակացու հարիւրապետին ըսաւ. «Օրինաւո՞ր է Հռովմայեցի ու չդատապարտուած մարդ մը ծեծելը»։ 26Հարիւրապետը, երբ ասիկա լսեց, գնաց հազարապետին պատմեց ու ըսաւ. «#22:26 Ոմանք, Նայէ ի՛նչԻ՞նչ պիտի ընես, վասն զի այս մարդը Հռովմայեցի է»։ 27Հազարապետն ալ քովը գնաց ու ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, դուն Հռովմայեցի՞ ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Այո՛»։ 28Հազարապետը պատասխան տուաւ. «Ես շատ ստակով ձեռք բերի այս քաղաքացիութեան իրաւունքը»։ Պօղոս ըսաւ. «Ես բուն ատոր մէջ ծնած եմ»։ 29Անոնք որ զինք պիտի հարցուփորձէին, շուտ մը հեռացան իրմէ եւ հազարապետն ալ վախցաւ, երբ իմացաւ թէ Հռովմայեցի է, որովհետեւ զանիկա կապեր էր։
ՊՕՂՈՍ ԱՏԵԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
30Հետեւեալ օրը, ուզելով որ շիտակը գիտնայ, թէ ի՞նչ է Հրեաներուն ըրած ամբաստանութիւնը անոր դէմ, #22:30 Ոմանք, կապերէն արձակեցարձակեց զանիկա եւ հրաման ըրաւ որ քահանայապետներն ու բոլոր ժողովը մէկտեղ գան եւ Պօղոսը բերելով՝ անոնց առջեւ կայնեցուց։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in