ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 20
20
ԴԷՊԻ ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
1Աղմուկը դադարելէ յետոյ Պօղոս աշակերտները իրեն կանչեց ու հրաժարական ողջոյն տալով՝ ելաւ որ Մակեդոնիա երթայ։ 2Եւ այն կողմերը պտըտելէ ու շատ խօսքերով զանոնք յորդորելէ ետքը Ելլադա գնաց։ 3Հոն երեք ամիս կենալէ ետքը, Հրեաները իրեն դէմ նենգութեան խորհուրդ ըրին, երբ կ’ուզէր Սուրիա երթալ. անոր համար որոշեց Մակեդոնիայի վրայէն դառնալ։ 4Մինչեւ Ասիա իրեն հետ կ’երթային Բերիացի [Պիռոսի որդին] Սոպատրոսը եւ Թեսաղոնիկեցիներէն Արիստարքոսն ու Սեկունդոսը եւ Գայիոս Դերբացին ու Տիմոթէոսը եւ Ասիացի՝ Տիւքիկոսն ու Տրոփիմոսը։ 5Ասոնք առաջ գացին ու Տրովադայի մէջ մեզի կ’սպասէին։ 6Մենք ալ Բաղարջակերացի օրերէն յետոյ Փիլիպպէէն նաւեցինք եւ հինգ օրուան մէջ Տրովադա հասանք անոնց քով ու հոն եօթը օր կեցանք։
7Մէկշաբթի օրը երբ #20:7 Ոմանք, աշակերտները հաւաքուեր էինհաւաքուեր էինք՝ ՝ հաց կտրելու, Պօղոս անոնց կը քարոզէր, վասն զի հետեւեալ օրը ճամբայ պիտի ելլէր եւ խօսքը երկնցուց մինչեւ կէս գիշեր։ 8Շատ լապտերներ կային այն վերի սենեակը՝ ուր մենք հաւաքուած էինք։ 9Երիտասարդ մը, Եւտիքոս անուն, պատուհանին վրայ նստած՝ խորունկ քունի մէջ մտեր էր։ Երբ Պօղոս խօսքը երկնցուց, անիկա խորունկ քնով բռնուած՝ երրորդ դստիկոնէն վար ինկաւ ու զանիկա մեռած վերցուցին։ 10Պօղոս վար իջնելով՝ անոր վրայ ինկաւ ու գրկեց զանիկա ու ըսաւ. «Մի՛ խռովիք, վասն զի ասոր հոգին իր մէջն է»։ 11Եւ վեր ելլելով՝ հացը կտրեց ու կերաւ։ Երկար խօսեցաւ մինչեւ առտու, ետքը ելաւ գնաց։ 12Այն պատանին ողջ բերին ու մեծապէս մխիթարուեցան։
ՏՐՈՎԱԴԱՅԷՆ ՄԵԼԻՏՈՍ
13Իսկ մենք նաւը մտնելով՝ ճամբայ ելանք դէպի Ասոն, ուրկէ Պօղոսը պիտի առնէինք, վասն զի այնպէս ապսպրեր էր, որովհետեւ ինք #20:13 Կամ, քալելովցամաքով պիտի երթար։ 14Երբ Ասոնի մէջ մեզի հանդիպեցաւ, առինք զանիկա եւ Միտիլինէ գացինք։ 15Անկէ ալ նաւով հետեւեալ օրը Քիոսի դէմը հասանք։ Միւս օրը Սամոս հասանք ու գիշերը Տրոգիլիոն կենալով՝ միւս օրը Մելիտոս գացինք, 16Վասն զի Պօղոս միտքը դրեր էր որ նաւով անցնի Եփեսոսի քովէն, որ չըլլայ թէ Ասիայի մէջ ժամանակ անցընէ, որովհետեւ կ’արտորար որ եթէ կարելի է, Պէնտէկոստէին Երուսաղէմ ըլլայ։
ՊՕՂՈՍԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԽՕՍՔԸ ԵՓԵՍՈՍԻ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒՆ
17Մելիտոսէն մարդ ղրկեց Եփեսոս ու եկեղեցիին երէցները կանչեց։ 18Երբ եկան, ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէք թէ՝ առաջին օրէն ի վեր երբ ես Ասիա եկայ, ի՛նչպէս ձեզի հետ վարուեցայ բոլոր ժամանակը։ 19Ամենայն խոնարհութեամբ Տէրոջը ծառայելով եւ շատ արցունքով ու փորձութիւններով որ Հրեաներու նենգութիւնով ինծի պատահեցան. 20Ի՛նչպէս վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ սորվեցնելէ. 21Վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար։ 22Եւ հիմա՝ ահա՛ ես հոգիով կապուած՝ Երուսաղէմ կ’երթամ եւ հոն ինծի ի՞նչ պիտի պատահի՝ չեմ գիտեր. 23Միայն թէ Սուրբ Հոգին ամէն քաղաքի մէջ ինծի կը վկայէ թէ՝ կապեր ու նեղութիւններ ինծի կը սպասեն։ 24Բայց ես բանի մը համար հոգ չեմ ըներ եւ իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու։ 25Եւ հիմա ահա ես գիտեմ որ ա՛լ իմ երեսս պիտի չտեսնէք դուք ամէնքդ, որոնց մէջ պտըտեցայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզելով։ 26Ուստի այսօր կ’իմացնեմ ձեզի, թէ ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն։ 27Վասն զի ետ չկեցայ Աստուծոյ բոլոր կամքը ձեզի յայտնելէ։ 28Ուրեմն զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ #20:28 Ոմանք, ՏէրոջըԱստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր արիւնովը ստացաւ։ 29Քանզի գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ #20:29 Կամ, վնասակարյափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ 30Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար։ 31Ուստի արթո՛ւն կեցէք եւ մտքերնիդ բերէք՝ թէ երեք տարի գիշեր ու ցորեկ չդադարեցայ ամէն մէկը արցունքով խրատելէ։ 32Եւ հիմա, եղբա՛յրներ, կը յանձնեմ ձեզ Աստուծոյ ու անոր շնորհքներու խօսքին, որ կարող է շինելու եւ բոլոր սրբուածներուն հետ ձեզի ժառանգութիւն տալու։ 33Մէկո՛ւն արծաթին կամ ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի։ 34Դուք ձեզմէ գիտէք թէ ինծի եւ ինծի հետ եղողներուն պէտքերը այս ձեռքերս հոգացին։ 35Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. ‘Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’»։ 36Երբ ասիկա ըսաւ, անոնց ամենուն հետ ծունկի վրայ գալով՝ աղօթք ըրաւ։ 37Ամէնքն ալ սաստիկ կու լային ու Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա կը համբուրէին։ 38Սրտերնին կը ցաւէր մանաւանդ այն խօսքին համար՝ որ կ’ըսէր թէ՝ ա՛լ պիտի չտեսնեն իր երեսը եւ զանիկա ճամբու դրին, մինչեւ նաւը երթալով։
Currently Selected:
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 20: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.