YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 18

18
ԿՈՐՆԹՈՍԻ ՄԷՋ
1Ասկէ յետոյ Պօղոս Աթէնքէն զատուելով՝ Կորնթոս գնաց, 2Ուր Հրեայ մը գտաւ Ակիւղաս անունով, ծնունդով պոնտացի, որ իր Պրիսկիղա կնոջ հետ նոր եկեր էր Իտալիայէն, (Կղօդիոս հրամայած էր, որ բոլոր Հրեաները Հռովմէն հեռանան,) ու անոնց քով գնաց։ 3Որովհետեւ ինք արհեստակից էր, անոնց քով կեցաւ եւ կը գործէր, վասն զի արհեստով վրանագործ էին։ 4Ամէն շաբաթ օր ժողովարանին մէջ կը խօսէր եւ Հրեաներն ու Յոյները կը համոզէր։ 5Երբ Շիղան եւ Տիմոթէոսը Մակեդոնիայէն եկան, Պօղոսին հոգին եռանդով վառուած ըլլալով, վկայութիւնով Հրեաները կը համոզէր թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է։ 6Անոնք ալ երբ դէմ կեցան ու կը հայհոյէին, ինք հանդերձները թօթուելով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր արիւնը՝ ձեր գլուխը, ես անպարտ եմ։ Ասկէ յետոյ հեթանոսներուն պիտի երթամ»։ 7Անկէ երթալով՝ մտաւ մէկուն տունը, որուն անունը #18:7 Ոմանք, Տիտոս ՅուստոսՅուստոս էր, աստուածավախ մարդ մը, որուն տունը ժողովարանին կից էր։ 8Ժողովրդապետը՝ Կրիսպոս՝ իր բոլոր տունովը հաւատաց Տէրոջը։ Կորնթացիներէն շատեր ալ լսելով հաւատացին ու մկրտուեցան։ 9Գիշերը տեսիլքի մէջ Տէրը ըսաւ Պօղոսին. «Մի՛ վախնար, հապա խօսէ՛ եւ լուռ մի՛ կենար, 10Վասն զի ես քեզի հետ եմ եւ մէ՛կը քեզի դէմ պիտի չելլէ՝ քեզի վնաս մը հասցնելու համար. քանզի այս քաղաքին մէջ ես շատ ժողովուրդ ունիմ»։ 11Հոն տարի մը ու վեց ամիս կեցաւ ու Աստուծոյ խօսքը անոնց կը սորվեցնէր։
12Աքայիայի փոխանորդ բդեշխին՝ Գաղիոնին՝ օրերը Հրեաները միաբանելով՝ Պօղոսին դէմ ելան եւ զանիկա ատեանը տարին, 13Ըսելով. «Ասիկա կը հրապուրէ մարդիկ օրէնքէն դուրս Աստուած պաշտելու»։ 14Երբ Պօղոս իր բերանը բանալու պատրաստ էր, Գաղիոն ըսաւ Հրեաներուն. «Եթէ անիրաւութեան մը կամ չար գործի մը համար ըլլար, ո՛վ Հրեաներ, կ’արժէր որ ձեզի մտիկ ընէի։ 15Բայց եթէ վէճը խօսքի ու անուններու եւ ձեր օրէնքին վրայով է՝ դուք ձեզմէ տեսէք դատը. վասն զի ես այդպիսի բաներու դատաւոր ըլլալ չեմ ուզեր»։ 16Զանոնք ատեանէն վռնտեց։ 17Այն ատեն բոլոր Յոյները Սոսթենէս ժողովրդապետը բռնեցին ու ատեանին առջեւ ծեծեցին։ Այս բաներուն համար Գաղիոն բնաւ հոգ չէր ըներ։
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱՆՏԻՈՔ
18Պօղոս տակաւին շատ օրեր հոն մնալէ ետքը, եղբայրներէն բաժնուելով՝ նաւով դէպի Սուրիա գնաց Պրիսկիղային եւ Ակիւղասին հետ, առաջ Կենքրայի մէջ իր մազերը կտրելով, վասն զի ուխտաւոր էր։ 19Երբ Եփեսոս հասաւ, զանոնք հոն ձգեց եւ ինք ժողովարանը մտնելով՝ Հրեաներուն հետ կը խօսէր։ 20Անոնք իրեն կ’աղաչէին որ աւելի երկար ժամանակ իրենց քով մնայ, բայց յանձնառու չեղաւ. 21Հապա հեռացաւ անոնցմէ՝ ըսելով. «Պէտք է անպատճառ այս յառաջիկայ տօնը Երուսաղէմի մէջ ընեմ, բայց Աստուծոյ կամքովը նորէն ձեզի պիտի դառնամ»։ Եփեսոսէն նաւով ճամբայ ելաւ 22Եւ Կեսարիա հասնելով՝ Երուսաղէմ գնաց ու եկեղեցիին բարեւ տուաւ ու ետքը գնաց Անտիոք։ 23Ատեն մը հոն կենալէ յետոյ կարգաւ Գաղատացիներու երկիրը ու Փռիւգիա կը պտըտէր ու բոլոր աշակերտները կը հաստատէր։
ՊՕՂՈՍ ԵՓԵՍՈՍԻ ՈՒ ԿՈՐՆԹՈՍԻ ՄԷՋ
24Ապօղոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով Աղեքսանդրացի, ճարտասան մարդ մը, եկաւ հասաւ Եփեսոս։ 25Ան զօրաւոր էր սուրբ գրքերով եւ Տէրոջը ճամբուն մէջ վարժուած էր։ Ջերմեռանդ հոգի ունենալով՝ կը խօսէր ու կը սորվեցնէր ճշդութեամբ Տէրոջը վրայով. բայց ինք միայն Յովհաննէսին մկրտութիւնը գիտէր։ 26Ասիկա սկսաւ ժողովարանին մէջ համարձակ խօսիլ։ Երբ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա լսեցին, զանիկա ալ իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին։ 27Անիկա ուզեց Աքայիա երթալ։ Եղբայրները քաջալերեցին զանիկա ու գիր գրեցին այն տեղի աշակերտներուն, որ զանիկա ընդունին։ Հոն հասնելով՝ շատ օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն՝ Աստուծոյ շնորհքով։ 28Քանզի հրապարակաւ սաստիկ կը յանդիմանէր Հրեաները, սուրբ գրքերէն ցուցնելով թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in