ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 16
16
ՏԻՄՈԹԷՈՍ ՊՕՂՈՍԻՆ Կ’ԸՆԿԵՐԱՆԱՅ
1Պօղոս հասաւ Դերբէ ու Լիւստրա։ Հոն աշակերտ մը կար Տիմոթէոս անունով, որ հաւատացեալ Հրեայ կնոջ մը զաւակն էր, իսկ հայրը Յոյն էր։ 2Ան Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր։ 3Պօղոս ուզեց որ ասիկա իրեն հետ ելլէ։ Առաւ թլփատեց զանիկա այն տեղերը եղած Հրեաներուն համար, վասն զի ամէնքն ալ գիտէին թէ անոր հայրը Յոյն էր։ 4Ապա կարգ մը քաղաքներէ անցնելով, Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն։ 5Եկեղեցիներն ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար։
ՊՕՂՈՍԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ ՏՐՈՎԱԴԱՅԻ ՄԷՋ
6Փռիւգիոյ ու Գաղատացիներու կողմերը պտըտեցան. հոն Սուրբ Հոգին արգիլեց որ Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ խօսին, 7Երբ Միւսիայի կողմերը երթալով կը ջանային դէպի Բիւթանիա երթալ. [Յիսուսի] Հոգին թող չտուաւ անոնց։ 8Ուստի Միւսիայի քովէն անցնելով Տրովադա գացին։ 9Հոն գիշերը Պօղոսին տեսիլք մը երեւցաւ. Մակեդոնացի մարդ մը կայներ կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. «Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի»։ 10Երբ այն տեսիլքը տեսաւ, շուտ մը ուզեցինք Մակեդոնիա երթալ, հասկնալով որ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ անոնց աւետարան քարոզելու։
11Ուստի նաւով Տրովադայէն ելանք ու շիտակ Սամոթրակէ գացինք ու հետեւեալ օրը՝ Նէապոլիս, 12Անկէ ալ՝ Փիլիպպէ, որ է Մակեդոնիոյ մէկ մասին գլխաւոր քաղաքը՝ #16:12 Այսինքն, գաղթականներու տեղԿողովնիա։ Այն քաղաքին մէջ քանի մը օր կեցանք։ 13Շաբաթ օրը քաղաքէն դուրս ելանք գետեզերքին քով՝ ուր սովորութիւն ունէին աղօթք ընելու, նստելով հաւաքուած կիներուն կը խօսէինք։ 14Եւ Թիւատիր քաղաքէն ծիրանավաճառ կին մը Լիդիա անուն, որ աստուածավախ մէկն էր, մտիկ կ’ընէր. որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ։ 15Հոն մկրտուեցան ինք եւ իր տունը, եւ աղաչեց ու ըսաւ. «Եթէ զիս Տէրոջը հաւատացեալ կը սեպէք, իմ տունս մտէք բնակեցէք»։ Եւ ստիպելով տարաւ մեզ։
ՓԻԼԻՊՊԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ
16Օր մը՝ երբ մենք աղօթքի կ’երթայինք, աղախին մը պատահեցաւ մեզի, որ հարցուկ ոգի ունէր եւ գուշակութիւն ընելով՝ իր տէրերուն շատ վաստակ կը բերէր։ 17Ասիկա Պօղոսին եւ մեր ետեւէն իյնալով՝ կը պոռար ու կ’ըսէր. «Այս մարդիկը Բարձրեալն Աստուծոյ ծառաներն են, որոնք #16:17 Ոմանք, ձեզիմեզի փրկութեան ճամբան կը քարոզեն»։ 18Այս բանը շատ օրեր կ’ընէր. իսկ Պօղոս վշտանալով՝ դարձաւ ու ըսաւ այն ոգիին. «Յիսուս Քրիստոսին անունով հրաման կ’ընեմ քեզի, Ելի՛ր ատկէ»։ Նոյն ժամուն ելաւ։ 19Երբ տեսան անոր տէրերը, որ իրենց վաստակին յոյսը կտրեցաւ, Պօղոսը ու Շիղան բռնեցին ու հրապարակը քաշեցին իշխաններուն առջեւ։ 20Ապա տարին զանոնք զօրագլուխներուն քով ու ըսին. «Այս մարդիկը մեր քաղաքը իրար կ’անցընեն. իրենք Հրեայ են 21Եւ այնպիսի սովորութիւններ կը քարոզեն, որոնք արժան չէ մեզի ընդունիլ, ո՛չ ալ ընել, վասն զի Հռովմայեցի ենք»։ 22Բազմութիւնը անոնց վրայ դիզուեցաւ. զօրագլուխներն ալ բռնութեամբ անոնց հանդերձները հանեցին եւ հրաման ըրին որ զանոնք ծեծեն։ 23Անոնց շատ վէրքեր տալէ յետոյ բանտ դրին, պատուիրելով բանտապետին որ զգուշութեամբ պահէ զանոնք։ 24Ան ալ այսպէս հրաման առնելով՝ զանոնք ներսի բանտը դրաւ ու ոտքերնին կոճղի մէջ ամրացուց։
25Կէս գիշերին Պօղոս ու Շիղա աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին ու բանտարկեալներն ալ մտիկ կ’ընէին։ 26Յանկարծ մեծ շարժ մը եղաւ, այնպէս որ բանտին հիմերը սասանեցան, անմիջապէս բոլոր դռները բացուեցան, ամենուն կապերը արձակուեցան։ 27Բանտապետը, երբ արթնցաւ ու բանտին դռները բացուած տեսաւ, թուրը քաշեց եւ ինքզինք պիտի սպաննէր, կարծելով թէ կապուածները փախեր են։ 28Բայց Պօղոս բարձր ձայնով կանչեց ու ըսաւ. «Դուն քու անձիդ վնաս մը մի՛ ըներ, վասն զի ամէնքս ալ հոս ենք»։ 29Անիկա ճրագ մը ուզեց ու ներս վազեց եւ դողալով Պօղոսին ու Շիղային առջեւ ինկաւ 30Եւ զանոնք դուրս բերելով՝ ըսաւ. «Տէ՛րեր, ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ փրկուիմ»։ 31Անոնք ալ ըսին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիք դուն եւ քու տունդ»։ 32Եւ Տէրոջը խօսքը խօսեցան անոր ու այն ամենուն որոնք անոր տանը մէջ էին։ 33Բանտապետը առաւ զանոնք գիշերուան նոյն ժամուն ու անոնց վէրքերը լուաց եւ մկրտուեցան ինք ու բոլոր իրենները։ 34Զանոնք իր տունը տանելով՝ անոնց առջեւ սեղան դրաւ եւ բոլոր տունով ուրախացան՝ Աստուծոյ հաւատալով։ 35Առտուն զօրագլուխները սպասաւորներ ղրկեցին ու ըսին. «Արձակէ՛ այդ մարդիկը»։ 36Բանտապետն ալ այն խօսքերը Պօղոսին պատմեց, թէ՝ ‘Զօրագլուխները ղրկեցին, որ արձակուիք. ուստի հիմա ելէք եւ խաղաղութեամբ գացէք’։ 37Պօղոս ըսաւ անոնց. «Մեզ՝ որ չդատապարտուած Հռովմայեցի մարդիկ ենք՝ յայտնապէս ծեծելով բանտը դրին ու հիմա գաղտո՞ւկ կը հանեն։ Ո՛չ, հապա թող իրենք գան ու մեզ հանեն»։ 38Սպասաւորները զօրագլուխներուն պատմեցին այդ խօսքերը։ Անոնք ալ, երբ լսեցին թէ Հռովմայեցի են՝ վախցան ու եկան քաղցրութեամբ խօսեցան անոնց հետ 39Եւ դուրս հանելով՝ կ’աղաչէին որ այն քաղաքէն երթան։ 40Անոնք ալ բանտէն ելլելով՝ Լիդիայի տունը մտան ու եղբայրները տեսնելով՝ մխիթարեցին զանոնք եւ գացին։
Currently Selected:
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 16: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.