YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7

7
ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
1Արդ՝ այն բաներուն համար, որ դուք ինծի գրեցիք, աղէկ է մարդուս որ կնոջ չմօտենայ։ 2Բայց պոռնկութիւնը արգիլելու համար ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ ու ամէն կին՝ իր այրը։ 3Այրը թող իր կնոջ պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ՝ իր էրկան։ 4Կինը իր մարմնին չիշխեր, հապա այրը. նոյնպէս այրն ալ իր մարմնին չիշխեր, հապա՝ կինը։ 5Մէկզմէկ մի՜ զրկէք, եթէ ոչ՝ միաբանութեամբ ատեն մը, աղօթքի պարապելու համար ու նորէն իրարո՛ւ դարձէք, որպէս զի Սատանան ձեզ չփորձէ ձեր անժուժկալութեան համար։ 6Աս կ’ըսեմ խրատելով, ո՛չ թէ հրամայելով։ 7Քանզի կ’ուզէի, որ բոլոր մարդիկ ինծի պէս ըլլային. բայց ամէն մէկը իր պարգեւը ունի Աստուծմէ, մէկը՝ այսպէս ու միւսը՝ այնպէս։ 8Բայց չամուսնացածներուն ու որբեւարիներուն կ’ըսեմ. «Աղէկ է անոնց՝ եթէ ինծի պէս կենան»։ 9Բայց եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան, վասն զի աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ։ 10Բայց ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ. ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի։ 11(Իսկ եթէ զատուիլ ալ՝ առանց ամուսնանալու մնայ, կամ էրկան հետ հաշտուի,) ու այրը իր կինը թող չձգէ։ 12Բայց միւսներուն ալ ե՛ս կ’ըսեմ, ոչ թէ Տէրը. «Եթէ եղբայր մը անհաւատ կին ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։ 13Եւ կին մը որ անհաւատ այր ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։ 14Վասն զի անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը եւ անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են։ 15Իսկ եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի։ Եղբայր մը կամ քոյր մը այնպիսի պարագաներու մէջ գերի չէ. սակայն Աստուած խաղաղութեան կանչեց մեզ։ 16Քանզի ի՞նչ գիտես դուն, ո՛վ կին, թերեւս քու այրդ պիտի ապրեցնես. կամ դուն ի՞նչ գիտես, ո՛վ այր, թերեւս քու կինդ պիտի ապրեցնես։
ԱՊՐԷ՛, ԻՆՉՊԷՍ ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԱՆՉԵՑ ՔԵԶ
17Միայն թէ ամէն մէկուն ինչպէս Տէրը բաժնեց, ամէն մէկը ինչպէս Աստուած կանչեց, այնպէս թող երթայ։ Բոլոր եկեղեցիներուն ես այսպէս պատուէր կու տամ։
18Եթէ թլփատուած մէկը հաւատքի կանչուեցաւ, թող թլփատութեան նշանները չփոխէ։ Եթէ չթլփատուածներէն մէկը կանչուեցաւ, թող չթլփատուի։ 19Վասն զի թլփատութիւնը բան մը չէ ու անթլփատութիւնն ալ բան մը չէ. հապա Աստուծոյ պատուիրանքները պահելն է էականը։ 20Բայց ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ։ 21Ծառա՞յ էիր երբ կանչուեցար, հոգ մի՛ ըներ. բայց եթէ կրնաս ազատ ըլլալ, զայն ընտրէ։ 22Վասն զի այն ծառան որ Տէրոջմով կանչուած է, Տէրոջմէ ազատագրուած է անիկա. նոյնպէս այն ազատը որ կանչուած է, Քրիստոսին ծառան է։ 23Դուք գնով ծախու առնուեցաք, մարդոց ծառայ մի՛ ըլլաք։ 24Ե՛ղբայրներ, ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ Աստուծոյ առջեւ։
ՀԱՐՑԵՐ ԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ
25Բայց կոյսերուն համար Տէրոջմէն հրաման մը չունիմ, միայն թէ Տէրոջը շնորհքով խրատ կու տամ, որ վստահելի է։ 26Ուրեմն ես կը խորհիմ թէ ասիկա աղէկ է հիմակուան նեղութեանը համար, այսինքն՝ աղէկ է մարդուս որ մնայ այնպէս, ինչպէս որ է։ 27Կապուա՞ծ ես կնոջ, մի՛ փնտռեր արձակուիլ։ Արձակուա՞ծ ես կնոջմէ, կին մի՛ փնտռեր։ 28Իսկ եթէ ամուսնանաս՝ չես մեղանչեր եւ եթէ կոյսը ամուսնանայ՝ չի մեղանչեր։ Բայց այնպիսիները մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան. սակայն ես ձեզի կը խնայեմ։ 29Բայց ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին 30Եւ անոնք որ կու լան՝ որպէս թէ չեն լար ու անոնք որ կը խնդան՝ որպէս թէ չեն խնդար եւ անոնք որ ծախու կ’առնեն՝ որպէս թէ բան մը չունին 31Եւ անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր. վասն զի այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի։ 32Բայց ես կ’ուզեմ որ դուք անհոգ ըլլաք. վասն զի չամուսնացած մարդը Տէրոջը գործով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս Տէրոջը հաճելի ըլլայ։ 33Իսկ ամուսնացածը աշխարհիս բաներով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս իր կնոջ հաճելի ըլլայ։ 34Եւ ամուսնացած կինը ու կոյսը կը տարբերին իրարմէ. վասն զի կոյսը Տէրոջը բաներով կը մտահոգուի, որպէս զի ինք սուրբ ըլլայ հոգիով ու մարմնով. իսկ ամուսնացած կինը՝ աշխարհիս բաներով կը մտահոգուի, թէ ի՞նչպէս իր էրկանը հաճելի ըլլայ։ 35Բայց այս բանը ձեր օգտին համար կ’ըսեմ, ո՛չ թէ ձեր վրայ ճնշում կը բանեցնեմ, հապա պարկեշտութեան համար ու առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայելու համար։ 36Իսկ եթէ մէկը ամօթ կը սեպէ որ իր կոյսը ամուսնութեան տարիքը անցուցեր է ու պէտք է ամուսնանայ (այս է բնականը), թող ամուսնացնէ, մեղք չի գործեր։ 37Բայց ան որ իր սրտին մէջ հաստատ կը կենայ ու իր վրայ ճնշում չկայ, ինք իր կամքին վրայ իշխանութիւն ունի ու իր սրտին մէջ որոշեր է որ կոյս մնայ, աղէկ կ’ընէ։ 38Ուստի ան որ իր կոյսը կ’ամուսնացնէ, աղէկ կ’ընէ ու ան որ չամուսնացներ աւելի աղէկ կ’ընէ։ 39Կինը կապուած է որչափ ժամանակ որ իր այրը ողջ է. բայց եթէ իր այրը մեռնի, ազատ է ամուսնանալու որու հետ որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով։ 40Բայց իմ կարծիքովս՝ աւելի երանելի է եթէ այնպէս կենայ։ Կարծեմ թէ ե՛ս ալ Աստուծոյ Հոգին ունիմ։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in