YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 22

22
1Ինծի կեանքի ջուրի #22.1 Ոմանք, մաքուր գետգետ մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։ 2Այն քաղաքին հրապարակին մէջ ու այն գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն բժշկութիւն կ’ըլլային։ 3Ա՛լ բնաւ նզովք պիտի չըլլայ։ Անոր մէջ պիտի ըլլայ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռը։ Անոր ծառաները պիտի պաշտեն զանիկա։ 4Անոր երեսը պիտի տեսնեն ու անոր անունը իրենց ճակատներուն վրայ պիտի ըլլայ։ 5Հոն ա՛լ գիշեր պիտի չըլլայ եւ ճրագ ու արեւու լոյս պէտք չէ. քանզի Տէր Աստուած պիտի լուսաւորէ զանոնք եւ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի թագաւորեն։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
6Հրեշտակը ըսաւ ինծի. «Այս խօսքերը հաւատարիմ են ու ճշմարիտ եւ #22.6 Ոմանք, մարգարէներու հոգիներունսուրբ մարգարէներուն Տէր Աստուածը իր հրեշտակը ղրկեց՝ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ։» 7«Ահա ես շուտով կու գամ։ Երանի՜ անոր որ կը պահէ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը»։
8Եւ ես՝ Յովհաննէսս՝ լսեցի ու տեսայ այս բաները։ Երբ լսեցի ու տեսայ, ինկայ որ երկրպագութիւն ընեմ այն հրեշտակին ոտքերուն առջեւ՝ որ այս բաները ինծի կը ցուցնէր, 9բայց ան ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես քու ու քու եղբայրներուդ, մարգարէներուն եւ այս գրքին խօսքերը պահողներուն ծառայակիցն եմ։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ»։ 10Եւ ըսաւ ինծի. «Այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը մի՛ կնքեր, վասն զի ժամանակը մօտ է։ 11Ան որ անիրաւութիւն կ’ընէ՝ թող անիրաւութիւն ընէ ու ան որ աղտոտ է՝ թող աղտոտ ըլլայ եւ ան որ արդար է՝ թող արդար ըլլայ ու ան որ սուրբ է՝ թող սուրբ ըլլայ»։ 12«Ահա ես շուտով կու գամ եւ իմ վարձքս ինծի հետ է՝ ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցանելու։ 13Ես եմ Ալֆան ու Օմէղան, Առաջինը ու Վերջինը, Սկիզբը եւ Վախճանը»։ 14Երանելի՜ են անոնք, որ անոր պատուիրանքները կը կատարեն, որպէս զի իշխանութիւն ունենան կենաց ծառին վրայ եւ դռներէն ներս քաղաքը մտնեն։ 15Բայց դուրս պիտի մնան շուներն ու կախարդները եւ պոռնիկներն ու սպանութիւն ընողները եւ կռապաշտներն ու այն ամէնքը որ ստութիւն կը սիրեն եւ կ’ընեն։
16«Ես՝ Յիսուսս՝ իմ հրեշտակս ղրկեցի՝ այս բաները ձեզի վկայելու եկեղեցիներուն մէջ. ես Դաւիթին արմատէն ու ցեղէն եմ ու առաւօտեան պայծառ աստղը»։ 17Եւ Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
18Ես կը վկայեմ ամէն մէկուն որ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը կը լսէ։ Եթէ մէկը ասոնց վրայ բան մը աւելցնէ, Աստուած ալ անոր վրայ պիտի աւելցնէ այն հարուածները, որոնք այս գրքին մէջ գրուած են 19եւ եթէ մէկը այս մարգարէութեան գրքին խօսքերէն բան մը պակսեցնէ, Աստուած ալ անոր բաժինը պիտի պակսեցնէ կենաց #22.19 Ոմանք, ծառէնգրքէն եւ սուրբ քաղաքէն՝ որ այս գրքին մէջ գրուած են։ 20Այս բաներուն վկայութիւն տուողը կ’ըսէ. «Այո՛, շուտով կու գամ ես»։ Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս։ 21Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէ՛ն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy