Ես կը վկայեմ ամէն մէկուն որ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը կը լսէ։ Եթէ մէկը ասոնց վրայ բան մը աւելցնէ, Աստուած ալ անոր վրայ պիտի աւելցնէ այն հարուածները, որոնք այս գրքին մէջ գրուած են եւ եթէ մէկը այս մարգարէութեան գրքին խօսքերէն բան մը պակսեցնէ, Աստուած ալ անոր բաժինը պիտի պակսեցնէ կենաց գրքէն եւ սուրբ քաղաքէն՝ որ այս գրքին մէջ գրուած են։