YouVersion Logo
Search Icon

ՏԻՏՈՍ 3

3
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
1Յորդորէ՛, որ իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին ու ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուին. 2մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն, կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն։ 3Վասն զի մենք ալ ատեն մը անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ եւ զանազան ցանկութիւններու ու հեշտութիւններու կը ծառայէինք, չարութիւնով ու նախանձով կը վարուէինք, ատելի էինք եւ մէկզմէկ կ’ատէինք, 4բայց երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը յայտնուեցաւ, 5ո՛չ թէ արդարութեան գործերէն՝ որոնք մենք ըրինք, հապա իր ողորմութեան համաձայն մեզ փրկեց նորէն ծնանելու աւազանին միջոցաւ ու Սուրբ Հոգիին նորոգելովը։
6Որը Աստուած առատ թափեց մեր վրայ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Փրկչին ձեռքով, 7որպէս զի անոր շնորհքովը արդարացած՝ յաւիտենական կեանքին յոյսով ժառանգորդ ըլլանք։ 8Այս խօսքը հաւատարիմ է եւ կ’ուզեմ որ ասոնք հաստատես, որպէս զի Աստուծոյ հաւատացողները աշխատին բարի գործեր կատարել։ Ասոնք են բարի ու մարդոց օգտակար բաները։ 9Բայց դուն յիմարական վէճերէն ու ազգահամարներէն ու հակառակութիւններէն եւ օրէնքի վրայով եղած կռիւներէն մէկդի՛ կեցիր, վասն զի անօգուտ են ու սնոտի։ 10Հերձուածող մարդէ՝ առաջին ու երկրորդ անգամ խրատելէ յետոյ՝ ետ քաշուէ, 11գիտնալով որ այնպիսին խոտորած է եւ մեղք կը գործէ ինքզինք դատապարտելով։
ՎԵՐՋԻՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
12Երբ Արտեմանը կամ Տիւքիկոսը քեզի ղրկեմ, ջանա՛ ինծի գալ Նիկոպոլիս, վասն զի միտքս դրի ձմեռը հոն անցընել։ 13Զենաս օրինականը ու Ապողոսը փութով ճամբայ դիր, հոգ տանելով որ անոնց բան մը չպակսի։ 14Եւ մերիններն ալ թող սորվին բարի գործեր ընել պէտք եղած պարագաներուն մէջ, որպէս զի անպտուղ չըլլան։ 15Բարեւ կ’ընեն քեզի ամէնքն ալ որ ինծի հետ են. բարեւ տուր անոնց որ մեզ կը սիրեն հաւատքով։ Շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։

Currently Selected:

ՏԻՏՈՍ 3: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy