YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4

4
ԵՐԿՆՔԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
1Այս բաներէն ետքը տեսայ, թէ երկնքի մէջ բացուած դուռ մը կար։ Առաջին ձայնը որ լսեցի՝ փողի նման էր, որ ինծի հետ կը խօսէր ու կ’ըսէր. «Հոս ելիր ու ասկէ ետքը ըլլալու բաները քեզի ցուցնեմ»։ 2Եւ շուտ մը Հոգին իմ վրաս եկաւ։ Տեսայ թէ աթոռ մը դրուած էր երկնքի մէջ։ 3Աթոռին վրայ մէկը նստեր էր։ Նստողը յասպիս ու սարդիոն քարերու երեւոյթին նման էր։ 4Աթոռին շուրջը քահանաներ՝ զմրուխտի երեւոյթով եւ այդ աթոռին բոլորտիքը քսանըչորս աթոռներ եւ այն աթոռներուն վրայ քսանըչորս երէցներ #4.4 Ոմանք, նստած տեսայնստեր էին ճերմակ հանդերձներ հագած ու գլուխնին ոսկիէ պսակներ ունէին։ 5Աթոռէն փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ կ’ելլէին։ Աթոռին առջեւ եօթը հատ բորբոքած կրակի լամբարներ կային, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն էին։ 6Աթոռին առջեւ ապակեղէն ծով մը՝ ակնվանիի նման եւ աթոռին մէջ ու աթոռին բոլորտիքը՝ չորս կենդանիներ, որոնք աչքերով լեցուն էին առջեւէն ու ետեւէն։ 7Առաջին կենդանին առիւծի նման էր ու երկրորդ կենդանին՝ զուարակի նման եւ երրորդ կենդանին՝ մարդու երես ունէր ու չորրորդ կենդանին՝ թռչող արծիւի նման։ 8Չորս կենդանիներէն իւրաքանչիւրը շուրջանակի վեց վեց թեւ ունէր ու ներսէն աչքերով լեցուն ու չէին հանգչեր ո՛չ ցորեկը ո՛չ ալ գիշերը՝ ըսելով. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ, որ էր եւ որ է եւ որ պիտի գայ»։ 9Երբ այն կենդանիները փառք ու պատիւ եւ գոհութիւն կու տային աթոռին վրայ նստողին, որ կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից, 10քսանըչորս երէցները աթոռին առջեւ կ’իյնային ու երկրպագութիւն կ’ընէին յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին։ Իրենց պսակները աթոռին առջեւ կը ձգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy