YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 14

14
ԳԱՌՆՈՒԿԸ ԵՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
1Տեսայ, որ Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը, որոնք ունէին [անոր անունը եւ] անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած։ 2Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս ու մեծ որոտումի ձայնի մը պէս ու լսած ձայնս քնարահարներուն քնարները զարնելու ձայնին կը նմանէր։ 3Եւ #14.3 Ոմանք, որպէս թէ նորնոր երգ մը կ’երգէին աթոռին ու չորս կենդանիներուն ու երէցներուն առջեւ եւ մէ՛կը չէր կրնար այն երգը սորվիլ բացի այն հարիւր քառասունըչորս հազարէն, որոնք երկրէն գնուած էին։ 4Ասոնք անոնք են որ կիներու հետ չխառնակուեցան, քանզի կոյս են։ Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու 5եւ անոնց բերանը սուտ չգտնուեցաւ, վասն զի անբիծ են#14.5 Ոմանք կ’աւելցնեն, Աստուծոյ աթոռին առջեւ։
ԵՐԵՔ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ
6Եւ ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ 7Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։
8 Անոր ետեւէն ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ ու ըսաւ. «Ինկա՜ւ, ինկա՜ւ մեծ #14.8 Ոմանք, Բաբելոն քաղաքըԲաբելոնը, վասն զի բոլոր ազգերը արբեցուց իր կատաղի պոռնկութեանը գինիով»։ 9Անոնց ետեւէն #14.9 Ոմանք, ուրիշերրորդ հրեշտակը մըն ալ եկաւ ու մեծ ձայնով մը ըսաւ. «Ով որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն ընէ եւ դրոշմը իր ճակատին վրայ կամ իր ձեռքին վրայ ընդունի, 10անիկա Աստուծոյ սրտմտութեան գինիէն պիտի խմէ, որ անխառն լեցուած է անոր բարկութեանը գաւաթին մէջ եւ կրակով ու ծծումբով պիտի տանջուի սուրբ հրեշտակներուն առջեւ ու Գառնուկին առջեւ։ 11Անոնց տանջանքին ծուխը պիտի ելլէ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ցորեկ ու գիշեր հանգստութիւն պիտի չունենան անոնք՝ որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընեն եւ անոր անուանը դրոշմը կ’ընդունին»։ 12Հոս է սուրբերուն համբերութիւնը, #14.12 Ոմանք, հոս են անոնք որորոնք Աստուծոյ պատուիրանքները ու Յիսուսին հաւատքը կը պահեն։ 13Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի, որ #14.13 Ոմանք, ինծի կըսէրկ’ըսէր. «Գրէ՛ Այսուհետեւ երանելի են այն մեռելները՝ որոնք Տէրոջմով կը ննջեն». «Այո՛, կ’ըսէ Հոգին, որ իրենց աշխատութենէն հանգչին ու իրենց գործերը իրենց ետեւէն կ’երթան»։
ԵՐԿՐԻՆ ՀՈՒՆՁՔԸ
14Տեսայ ճերմակ ամպ մը ու այն ամպին վրայ մէկը նստեր էր Որդի մարդոյ նման եւ իր գլուխը ոսկիէ պսակ մը ու իր ձեռքը սուր մանգաղ մը ունէր։
15Տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ ամպին վրայ նստողին մեծ ձայնով կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Երկնցո՛ւր քու մանգաղդ ու հնձէ. վասն զի հնձելու ժամանակը #14.15 Ոմանք, քեզի եկաւեկաւ, վասն զի երկրի հունձքը հասունցած է»։ 16Ան որ ամպին վրայ կը նստէր, իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկիրը հնձուեցաւ։
17Ու երկնքին մէջի տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ։ Ասիկա ալ սուր մանգաղ մը ունէր։ 18Ու սեղանէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ կրակի վրայ իշխանութիւն ունէր ու մեծ ձայնով կանչեց անոր՝ որ սուր մանգաղը ունէր ու ըսաւ. «Երկնցո՛ւր քու սուր մանգաղդ ու երկրի այգիին ողկոյզները կթէ, վասն զի անոր խաղողները հասունցած են»։ 19Այն հրեշտակն ալ իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկրին այգիին խաղողները կթեց ու Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ ձգեց։ 20Հնձանը քաղաքէն դուրս կոխուեցաւ ու հնձանէն արիւն կ’ելլէր, որ մինչեւ ձիերուն սանձերը ու հազար վեց հարիւր ասպարէզ կը հասնէր։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy