Անոնց ետեւէն երրորդ հրեշտակը մըն ալ եկաւ ու մեծ ձայնով մը ըսաւ. «Ով որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն ընէ եւ դրոշմը իր ճակատին վրայ կամ իր ձեռքին վրայ ընդունի, անիկա Աստուծոյ սրտմտութեան գինիէն պիտի խմէ, որ անխառն լեցուած է անոր բարկութեանը գաւաթին մէջ եւ կրակով ու ծծումբով պիտի տանջուի սուրբ հրեշտակներուն առջեւ ու Գառնուկին առջեւ։ Անոնց տանջանքին ծուխը պիտի ելլէ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ցորեկ ու գիշեր հանգստութիւն պիտի չունենան անոնք՝ որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընեն եւ անոր անուանը դրոշմը կ’ընդունին»։