YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՐԿՈՍ 2

2
ՅԻՍՈՒՍ ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 9.1-8, Ղուկ. 5.17-26)
1Նորէն Կափառնայում մտաւ։ Քանի մը օր յետոյ լսուեցաւ թէ անիկա տան մը մէջ է։ 2Շուտով շատ մարդիկ ժողուեցան, այնպէս որ ա՛լ տեղ չկար, ոչ ալ՝ դրան քովերը ու կը պատգամէր անոնց Աստուծոյ խօսքը։ 3Իրեն չորս մարդով վերցուած անդամալոյծ մը բերին, 4բայց տեսնելով որ բազմութենէն չէին կրնար անոր մօտենալ, քակեցին տանը տանիքը ուր կը գտնուէր Յիսուս ու ծակ մը բանալով վար իջեցուցին մահիճը, որուն վրայ պառկած էր անդամալոյծը։ 5Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Ո՛րդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։ 6Մէկ քանի դպիրներ, որ հոն նստեր էին, իրենց սրտերուն մէջ կը խորհէին՝ ըսելով. 7«Ինչո՞ւ համար ասիկա այսպիսի հայհոյութիւններ կ’ընէ, ոչ ոք կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։ 8Յիսուս իսկոյն իմանալով իր հոգիին մէջ՝ որ անոնք այնպէս կը խորհին իրենց մէջ, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կը խորհիք սրտերնուդ մէջ։ 9Ո՞րը աւելի դիւրին է անդամալոյծին՝ ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են’ ըսե՞լը, թէ՝ ‘Ելիր, մահիճդ առ ու քալէ’ ըսելը։ 10Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու,» (ըսաւ անդամալոյծին). 11«Քեզի կ’ըսեմ, ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։ 12Ան ալ շուտ մը ելաւ եւ իր մահիճը առնելով՝ ամենուն առջեւէն դուրս ելաւ, այնպէս որ ամէնքը ապշած մնացին, եւ փառք տուին Աստուծոյ ու ըսին. «Այսպիսի բան մը ամենեւին տեսած չէինք»։
ՅԻՍՈՒՍ ՂԵՒԻՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
(Մատթ. 9.9-13, Ղուկ. 5.27-32)
13Յետոյ ելաւ ծովեզերքը։ Բոլոր ժողովուրդը իրեն կու գային եւ կը սորվեցնէր անոնց։ 14Երբ կ’անցնէր, տեսաւ Ղեւի Ալփէոսեանը, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր ու ըսաւ անոր. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։ 15Երբ սեղան նստած էր անոր տանը մէջ, շատ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ ալ սեղան նստած էին Յիսուսին ու անոր աշակերտներուն հետ. քանզի շատուոր էին որոնք անոր ետեւէն կ՛երթային։ 16Դպիրներն ու Փարիսեցիները, երբ տեսան թէ անիկա մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կ’ուտէ, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կ’ուտէ ու կը խմէ»։ 17Յիսուս երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա՝ հիւանդներուն։ Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա՝ մեղաւորները#2.17 Ոմանք կ’աւելցնեն, ապաշխարութեան»։
ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 9.14-17, Ղուկ. 5.33-39)
18Յովհաննէսին ու Փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահէին։ Եկան ու ըսին անոր. «Ինչո՞ւ Յովհաննէսին ու Փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահեն, բայց քու աշակերտները ծոմ չեն պահեր»։ 19Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է որ հարսանիքին տղաքը, երբ փեսան իրենց հետ է, ծոմ պահեն։ Որչափ ժամանակ որ փեսան իրենց հետ է, կարելի չէ որ ծոմ պահեն։ 20Բայց օրեր պիտի գան, երբ փեսան իրենցմէ վերցուի, այն ատեն ծոմ պիտի պահեն։ 21Մէկը կարկտան չի ձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի վրայ. քանզի՝ այն նորը որ անոր լրութեանը համար դրուած է, հինէն կ’առնէ ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ, 22ոչ ալ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնէ. քանզի՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է»։
ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 12.1-8, Ղուկ. 6.1-5)
23Երբ Շաբաթ օր մը ինք արտերուն մէջէն կ՚անցնէր, իր աշակերտները, որ իր հետ էին, սկսան ցորենի հասկեր փրցնել։ 24Փարիսեցիները ըսին իրեն. «Նայէ Շաբաթ օրը ի՞նչ կ’ընեն, որ արտօնուած չէ»։ 25Ինքն ալ անոնց ըսաւ. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը՝ երբ անօթեցաւ պէտք ունեցաւ եւ ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին։ 26Մտաւ Աստուծոյ տունը Աբիաթար քահանայապետին օրով եւ առաջաւորութեան հացերը կերաւ ու տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին, որ մէկո՛ւն օրինաւոր չէր ուտել, բայց միայն քահանաներուն»։ 27Եւ աւելցուց. «Շաբաթը մարդուն համար եղաւ, ո՛չ թէ մարդը Շաբաթին համար։ 28Եւ ուրեմն Որդին մարդոյ Շաբաթին ալ տէրն է»։

Currently Selected:

ՄԱՐԿՈՍ 2: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy