YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 28

28
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
(Մարկ. 16.1-10, Ղուկ. 24.1-12, Յովհ. 20.1-10)
1Շաբաթ գիշերը, երբ Մէկշաբթին կը լուսնար, եկան Մարիամ Մագդաղենացին ու միւս Մարիամը գերեզմանը տեսնելու։ 2Ահա մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, վասն զի Տէրոջը հրեշտակը երկինքէն իջնելով, գնաց դռնէն մէկդի գլորեց քարը ու անոր վրայ նստաւ։ 3Անոր տեսքը փայլակի պէս էր ու անոր հանդերձները՝ ձիւնի պէս ճերմակ։ 4Անոր վախէն պահապանները խռովեցան ու մեռածի պէս եղան։ 5Հրեշտակը ըսաւ կիներուն. «Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը որ խաչուեցաւ։ 6Ան հոս չէ, վասն զի յարութիւն առաւ (ինչպէս ըսած էր)։ Եկէք տեսէ՛ք այն տեղը, ուր Տէրը պառկած էր։ 7Շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ ‘Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ, հոն պիտի տեսնէք զանիկա’. ահա ձեզի ըսի»։ 8Անոնք շուտ մը գերեզմանէն ելան վախով ու մեծ ուրախութիւնով եւ վազեցին աշակերտներուն պատմելու։
9Երբ կ’երթային անոր աշակերտներուն պատմելու, Յիսուս անոնց դէմը ելաւ ու ըսաւ. «Ողջո՜յն ձեզ»։ Անոնք մօտենալով անոր ոտքերը բռնեցին ու երկրպագութիւն ըրին անոր։ 10Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն»։
ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
11Երբ անոնք կ’երթային, պահապան զինուորներէն մէկ քանին քաղաքը գացին ու քահանայապետներուն պատմեցին բոլոր եղած բաները։ 12Անոնք ալ ծերերուն հետ հաւաքուելով ու խորհուրդ ընելով՝ շատ ստակ տուին զինուորներուն, 13ու ըսին. «Ըսէք թէ ‘Անոր աշակերտները գիշերով եկան զանիկա գողցան, երբ մենք կը քնանայինք’։ 14Եթէ այդ բանը կուսակալին ականջը հասնի, մենք զանիկա կը հաճեցնենք եւ ձեզ #28.14 Յուն., անհոգապահով կ’ընենք»։ 15Անոնք ալ ստակը առին ու սորվածնուն պէս ըրին. եւ այս ձայնը Հրեաներուն մէջ տարածուեցաւ մինչեւ այսօր։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ Կ’ԵՐԵՒԻ
(Մարկ. 16.14-18, Ղուկ. 24.36-49, Յովհ. 20.19-23, Գործ. 1.6-8)
16Իսկ տասնըմէկ աշակերտները գացին Գալիլիա, այն լեռը ուր Յիսուս իրենց որոշեր էր։ 17Երբ զանիկա տեսան, երկրպագութիւն ըրին անոր, բայց ոմանք տարակուսեցան։ 18Յիսուս մօտենալով՝ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ։ 19Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. 20սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը։ Ամէն»։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 28: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy