YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 17

17
ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ
(Մարկ. 9.2-12, Ղուկ. 9.28-36)
1Վեց օր յետոյ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ անոր եղբայրը Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձին։ 2Անոնց առջեւ այլակերպեցաւ ու իր երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս ու իր հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս։ 3Եւ ահա երեւցան անոնց Մովսէսն ու Եղիան ու իրեն հետ կը խօսակցէին։ 4Խօսեցաւ Պետրոս ու ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, աղէկ է որ հոս կենանք. եթէ կ’ուզես, երեք խրճիթ շինենք հոս, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։ 5Երբ անիկա կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպէն ձայն մը եկաւ ՝ ըսելով. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ 6Աշակերտները երբ լսեցին, երեսնուն վրայ ինկան ու խիստ վախցան։ 7Յիսուս մօտենալով դպաւ անոնց ու ըսաւ. «Ելէ՛ք, մի՛ վախնաք»։ 8Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան, բայց միայն Յիսուսը։
9Երբ լեռնէն վար կ’իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Այդ տեսիլքը մարդու մի՛ պատմէք, մինչեւ Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնէ»։ 10Աշակերտները իրեն հարցուցին. «Ինչո՞ւ համար դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’»։ 11Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Յիրաւի առաջ Եղիան կու գայ եւ ամէն բան կարգի կը դնէ։ 12Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Եղիան արդէն եկած է եւ զանիկա չճանչցան, հապա ինչ որ ուզեցին ըրին անոր. նոյնպէս ալ Որդին մարդոյ անոնցմէ պիտի չարչարուի»։ 13Այն ատեն հասկցան աշակերտները թէ Յովհաննէս Մկրտչին համար ըսաւ անոնց։
ՅԻՍՈՒՍ ԴԻՒԱՀԱՐ ՏՂԱՅ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մարկ. 9.13-28, Ղուկ. 9.37-44ա)
14Երբ ժողովուրդին քով եկան, մարդ մը մօտեցաւ անոր եւ ծունկի վրայ գալով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, իմ որդիիս ողորմէ, որ կը լուսնոտի եւ չարաչար կը տանջուի, քանզի յաճախ կրակի մէջ կ’իյնայ ու յաճախ ջուրի մէջ։ 15Քու աշակերտներուդ բերի ու չկրցան զանիկա բժշկել»։ 16Յիսուս ըսաւ. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ա՛զգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ. զանիկա հոս ինծի բերէք»։ 17Յիսուս սաստեց ու դեւը անկէ ելաւ եւ տղան բժշկուեցաւ նոյն ժամուն։ 18Այն ատեն աշակերտները առանձին Յիսուսի քով երթալով՝ ըսին. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել»։ 19Յիսուս ըսաւ. «Ձեր թերահաւատութեանը համար. քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի։ 20Սակայն այս տեսակը ուրիշ բանով չելլեր, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»։
ՅԻՍՈՒՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մարկ. 9.29-31, Ղուկ. 9.44բ-45)
21Երբ անոնք Գալիլիայի մէջ կը պտըտէին, Յիսուս ըսաւ անոնց. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը 22եւ զանիկա պիտի մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ Անոնք խիստ տրտմեցան։
ՏԱՃԱՐԻՆ ՏՈՒՐՔԻՆ ՎՃԱՐՈՒՄԸ
23Երբ անոնք Կափառնայում եկան, երկդրամեան տուրքը առնողները Պետրոսին եկան ու ըսին. «Ձեր վարդապետը երկդրամեանը չի՞ հատուցաներ»։ Անիկա ըսաւ. «Այո՛, կը հատուցանէ»։ 24Երբ տունը մտաւ, առաջ Յիսուս խօսեցաւ անոր ու ըսաւ. «Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն»։ 25Պետրոս ըսաւ. «Օտարներէն»։ Յիսուս անոր ըսաւ. «Ուրեմն որդիները ազատ են, 26բայց չըլլայ թէ զանոնք գայթակղեցնենք, գնա՛ ծովը եւ կարթը ձգէ ու առաջին ձուկը որ կ’ելլէ՝ ա՛ռ եւ անոր բերանը բանալով սատեր մը պիտի գտնես։ Անոնց տուր ինծի եւ քեզի համար»։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 17: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy