YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 16

16
ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ
(Մարկ. 8.11-13, Ղուկ. 12.54-56)
1Փարիսեցիները ու Սադուկեցիները քովը եկան, փորձելով՝ իրմէ կ’ուզէին որ երկնքէն նշան մը ցուցնէ իրենց։ 2Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Երբ իրիկուն ըլլայ, կ’ըսէք թէ ‘Պարզ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը կարմրած է’։ 3Եւ առտուն՝ ‘Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը միգապատ ու կարմրած է’։ Կե՛ղծաւորներ, երկնքի երեսը քննել գիտէք, բայց ժամանկներուն նշանները չէ՞ք կրնար գիտնալ։ 4Չար ու շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը» եւ թողուց զանոնք ու գնաց։
ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍԱԴՈՒԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԽՄՈՐԸ
(Մարկ. 8.14-21)
5Երբ իր աշակերտները անդիի կողմը անցան, հաց առնել մոռցեր էին։ 6Յիսուս անոնց ըսաւ. «Նայեցէք ու զգուշացէք Փարիսեցիներու ու Սադուկեցիներու խմորէն»։ 7Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Հաց չբերինք մեզի հետ»։ 8Իսկ Յիսուս անոնց խորհուրդը գիտնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր մէջ ինչո՞ւ կը խորհիք, թե՛րահաւատներ, թէ հաց չառիք։ 9Տակաւին չէ՞ք հասկնար եւ չէ՞ք յիշեր հինգ նկանակը՝ հինգ հազարին, ու քանի՛ կողով վերցուցիք. 10ոչ ալ եօթը նկանա՞կը՝ չորս հազարին, ու քանի՛ զամբիւղ վերցուցիք։ 11Ի՞նչպէս չէք հասկնար թէ ես հացի համար չըսի ձեզի՝ Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու խմորէն զգոյշ կենալ»։ 12Այն ատեն հասկցան թէ հացի խմորէն զգուշանալ չըսաւ, հապա Փարիսեցիներու ու Սադուկեցիներու վարդապետութենէն։
ՊԵՏՐՈՍԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՍԻՆ
(Մարկ. 8.27-30, Ղուկ. 9.18-21)
13Յիսուս Փիլիպպոսի Կեսարիայի կողմերը երթալով՝ իր աշակերտներուն հարցուց ու ըսաւ. «Մարդիկ ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ ես Որդին մարդոյ»։ 14Անոնք ըսին. «Ոմանք կ’ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»։ 15Ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ 16Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։ 17Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի. վասն զի մարմինը եւ արիւնը քեզի չյայտնեցին ասիկա, հապա իմ Հայրս որ երկինքն է։ 18Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն #16.18 Այսինքն, ՎէմՊետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն։ 19Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»։ 20Ապա աշակերտներուն պատուիրեց, որ մարդո՛ւ չըսեն թէ ինք #16.20 Ոմանք, Յիսուս ՔրիստոսնՔրիստոսն է։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մարկ. 8.31—9.1, Ղուկ. 9.22-27)
21Անկէ յետոյ Յիսուս իր աշակերտներուն ցուցուց թէ՝ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ։ 22Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա եւ սկսաւ յանդիմանել զանիկա ու ըսել. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ 23Ինք դառնալով՝ Պետրոսին ըսաւ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։
24Այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ 25Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա, 26քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ, կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։ 27Վասն զի Որդին մարդոյ իր Հօրը փառքովը պիտի գայ իր հրեշտակներուն հետ եւ այն ատեն ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ։ 28Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 16: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy