YouVersion Logo
Search Icon

ՂՈԻԿԱՍ 14

14
ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՒԱՆԴ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
1Յիսուս Շաբաթ օր մը Փարիսեցիներուն գլխաւորներէն մէկուն տունը մտաւ հաց ուտելու, ուր անոնք իրեն կը սպասէին։ 2Հոն ջրգողեալ մարդ մը ելաւ իր առջեւը։ 3Յիսուս խօսեցաւ օրինականներուն ու Փարիսեցիներուն՝ ըսելով. «Արժա՞ն է Շաբաթ օրը բժշկել»։ 4Անոնք լուռ կեցան։ Ինք բռնեց զանիկա, բժշկեց ու ճամբեց. 5եւ դառնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ որո՞ւն էշը կամ եզը եթէ հորը իյնայ, չի հաներ զանիկա Շաբաթ օրը»։ 6Անոնք չկրցան պատասխան տալ։
ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
7Առակ մը ըսաւ հրաւիրուած մարդոց ալ, երբ տեսաւ թէ ի՛նչպէս առաջին բազմոցները կ’ընտրէին. 8«Երբ մարդէ մը հարսանիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի՛ նստիր. չըլլայ թէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկն ալ հրաւիրուած ըլլայ անկէ, 9եւ ան որ քեզ ու զանիկա հրաւիրեց, գայ ու ըսէ քեզի. ‘Ասոր տեղ տուր’ եւ անկէ յետոյ սկսիս ամօթով յետին տեղը բռնել։ 10Հապա երբ հրաւիրուիս, գնա յետին տեղը նստէ. որպէս զի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, քեզի ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, վեր հրամմէ’. այն ատեն քեզի հետ նստողներուն առջեւ քեզի փառք կ’ըլլայ։ 11Վասն զի ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։
12Զինք հրաւիրողին ալ ըսաւ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես, մի՛ կանչեր քու բարեկամներդ, ո՛չ ալ քու եղբայրներդ եւ ո՛չ քու ազգականներդ, ո՛չ քու հարուստ դրացիներդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն ու քեզի հատուցում ըլլայ։ 13Հապա երբ հացկերոյթ կ’ընես՝ աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ 14ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել. քանզի արդարներուն յարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի»։
ՄԵԾ ԽՆՃՈՅՔԻՆ ԱՌԱԿԸ
(Մատթ. 22.1-10)
15Սեղան նստողներէն մէկը, երբ լսեց այս խօսքը, ըսաւ անոր. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ»։ 16Ինք ըսաւ անոր. «Մարդ մը մեծ ընթրիք մը պատրաստեց ու շատ մարդիկ հրաւիրեց։ 17Որոշուած ատենը ղրկեց իր ծառան, որպէս զի հրաւիրեալները կանչէ. ‘Եկէ՛ք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է’։ 18Ամէնքը սկսան ետ քաշուիլ։ Առաջինը անոր ըսաւ. ‘Ես արտ մը ծախու առի ու պէտք է որ ելլեմ տեսնեմ զանիկա. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ’։ 19Միւսը ըսաւ. ‘Հինգ զոյգ եզ ծախու առի, կ’երթամ որ զանոնք փորձեմ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ’։ 20Միւսը ըսաւ. ‘Կին առի, անոր համար չեմ կրնար գալ’։ 21Ծառան եկաւ ու իր տիրոջը պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն բարկացաւ տանտէրը ու ըսաւ իր ծառային. ‘Շուտով քաղաքին հրապարակները ու փողոցները ելի՛ր եւ աղքատներն ու պակասաւորները եւ կաղերն ու կոյրերը հոս մտցուր’։ 22Պահ մը յետոյ ծառան եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, եղաւ ինչ որ հրամայեցիր, բայց տակաւին տեղ կայ’։ 23Տէրը ըսաւ ծառային. ‘Ելի՛ր, ճամբաներն ու ցանկերը եւ գտածներդ ստիպէ որ հոս մտնեն, որպէս զի տունս լեցուի։ 24Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, այն հրաւիրուածներէն մէկն ալ իմ ընթրիքիս համը պիտի չառնէ’»։
ԱՇԱԿԵՐՏ ԸԼԼԱԼՈՒ ԳԻՆԸ
(Մատթ. 10.37-38)
25Իրեն հետ շատ ժողովուրդ կ’երթային եւ դառնալով անոնց՝ ըսաւ. 26«Եթէ մէկը ինծի գայ, բայց չատէ իր հայրը եւ մայրը ու կինը եւ զաւակները ու եղբայրները եւ քոյրերը, նաեւ իր կեանքն ալ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։ 27Ով որ իր խաչը չի վերցներ ու իմ ետեւէս գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։ 28Վասն զի ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞. 29որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զինք ծաղրել 30եւ ըսել թէ ‘Այս մարդը սկսաւ շինել ու չկրցաւ լմնցնել’։ 31Կամ թէ ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալէ առաջ չի նստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր՝ որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ։ 32Եթէ չի կրնար՝ քանի դեռ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ։ 33Ահա այսպէս ալ ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։
ԱՆԱՐԺԷՔ ԱՂԸ
(Մատթ. 5.13, Մարկ. 9.49)
34 «Աղը աղէկ բան է. բայց եթէ իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի համովնայ։ 35Ո՛չ հողի ու ո՛չ թրիքի տեղ օգտակար կ’ըլլայ, հապա զանիկա դուրս կը նետեն։ Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։

Currently Selected:

ՂՈԻԿԱՍ 14: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy