YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱԿՈԲՈՒ 2

2
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄԷ
1Ե՛ղբայրներս, աչառութեամբ մի՛ պահէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ փառաց Տէրոջ հաւատքը։ 2Քանզի եթէ ձեր ժողովին մէջ մարդ մը մտնելու ըլլայ որ ունենայ ոսկի մատանի եւ փառաւոր հանդերձներ, հոն աղքատ մըն ալ մտնելու ըլլայ աղտոտ հանդերձներով 3եւ նայիք անոր վրայ որ փառաւոր հանդերձներ ունի ու ըսէք. «Դուն հոս նստէ պատուով», իսկ աղքատին՝ «Ոտքի՛ կայնէ, կամ նստէ պատուանդանիս քով», 4ձեր մէջ խտրութիւններ չէ՞ք դներ ու չար խորհուրդներու դատաւոր չէ՞ք ըլլար։ 5Մտիկ ըրէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, չէ՞ որ Աստուած աշխարհի աղքատները ընտրեց, որոնք հաւատքով հարուստ են ու ժառանգորդ արքայութեանը, որը զինք սիրողներուն խոստացաւ, 6բայց դուք աղքատները անարգեցիք։ Հարուստները չե՞ն որ ձեզ կը հարստահարեն ու ձեզ դատարանները կը քաշեն։ 7Անոնք չե՞ն որ կը հայհոյեն այն բարի անուան, որ ձեր վրայ դրուած է։ 8Արդ՝ եթէ դուք արքայական օրէնքը կը կատարէք գրքին ըսածին համեմատ, թէ՝ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս», աղէկ կ’ընէք. 9բայց եթէ աչառութիւն կ’ընէք մե՛ղք կը գործէք եւ օրէնքէն պիտի յանդիմանուիք օրինազանցներու պէս։ 10Քանզի ով որ բոլոր օրէնքը պահէ ու բանի մը մէջ յանցաւոր ըլլայ, անիկա ամենուն պարտական կ’ըլլայ։ 11Վասն զի ան որ ըսաւ թէ «Շնութիւն մի՛ ըներ», ըսաւ թէ «Մի՛ սպաններ». ուստի եթէ շնութիւն չընես բայց սպանութիւն ընես, օրինազանց կ’ըլլաս։ 12Այնպէ՛ս խօսեցէք եւ այնպէ՛ս ըրէք՝ որպէս թէ ազատութեան օրէնքովը պիտի դատուիք։ 13Վասն զի դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր որ ողորմութիւն չըներ եւ ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց։
ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԳՈՐԾԵՐ
14Ի՞նչ օգուտ է, եղբա՛յրներս, եթէ մէկը ըսէ թէ հաւատք ունի ու գործ չունենայ. միթէ հաւատքը կրնա՞յ փրկել զանիկա։ 15Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ կամ օրուան կերակուրին կարօտ 16ու ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. «Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէք», բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի։ 17Այսպէս ալ հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է։ 18Նաեւ կրնայ մէկը ըսել թէ՝ «Դուն հաւատք ունիս, ես ալ գործեր ունիմ. դուն քու հաւատքդ ցուցուր ինծի առանց գործերու ու ես քեզի ցուցնեմ իմ հաւատքս իմ գործերովս։ 19Դուն կը հաւատաս թէ Աստուած մէկ է։ Աղէկ կ’ընես, դեւերն ալ կը հաւատան եւ կը սարսափին 20բայց կ’ուզե՞ս գիտնալ, ո՛վ սնոտի մարդ թէ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ 21Աբրահամ՝ մեր հայրը՝ գործերով չարդարացա՞ւ, երբ իր որդին Իսահակը սեղանին վրայ հանեց զոհ ընելու։ 22Կը տեսնե՞ս թէ հաւատքը անոր գործերուն հետ մէկտեղ գործեց ու այն գործերով հաւատքը կատարեալ եղաւ։ 23Եւ գրքին խօսքը կատարուեցաւ, որ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ եւ ինք Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»։ 24Կը տեսնէ՞ք թէ մարդ գործերով կ’արդարանայ, ո՛չ թէ՝ միայն հաւատքով։ 25Նոյնպէս ալ Ռախաբ պոռնիկը չէ՞ որ գործերով արդարացաւ, երբ լրտեսները ներս առաւ եւ ուրիշ ճամբայով արձակեց անոնք։ 26Քանզի ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է։

Currently Selected:

ՅԱԿՈԲՈՒ 2: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy