ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11
11
ՀԱՒԱՏՔ
1Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է. 2վասն զի անով առաջինները վկայութիւն ընդունեցին։
3Հաւատքով կ’իմանանք թէ աշխարհ Աստուծոյ խօսքովը հաստատուեցաւ ու աներեւոյթ բաներէն այս երեւցածները եղան։
4Հաւատքով Աբէլ Կայէնէն աւելի աղէկ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, որով վկայուեցաւ անոր արդար ըլլալը. վասն զի իր պատարագներուն համար Աստուծմէ վկայութիւն եղաւ իրեն եւ անով, թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի։
5Հաւատքով Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ ու տեղ մը չէր գտնուեր, վասն զի Աստուած փոխադրեց զանիկա. քանզի անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր։ 6Բայց առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն։
7Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար, որով աշխարհս դատապարտեց եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեանը, որ հաւատքով կ’ըլլայ։
8Հաւատքով երբ Աբրահամ կանչուեցաւ, մտիկ ըրաւ ու գնաց այն տեղը, որ պիտի ժառանգէր եւ ելաւ գնաց ու չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։ 9Հաւատքով պանդխտացաւ աւետեաց երկրին մէջ որպէս թէ օտարութեան մէջ, վրաններու մէջ բնակեցաւ Իսահակին ու Յակոբին հետ մէկտեղ, որոնք իրեն հետ ժառանգորդ էին նոյն խոստումին. 10վասն զի ինք կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է։
11Հաւատքով ինք՝ Սառան՝ որդեծնութեան սերմը առնելու զօրութիւնը ընդունեց եւ ատենը անցած հասակի մէջ զաւակ ծնաւ. վասն զի հաւատարիմ սեպեց զանիկա որ խոստացած էր։ 12Ուստի այն մէկէն ծնան, (այն ալ մեռածի պէս), շատութեան կողմէ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքի աւազին պէս առանց համրանքի։
13Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու #11.13 Ոմանք, հաւատալով ողջունեցինողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ։ 14Քանզի անոնք որ այսպիսի բաներ կը խօսին, յայտնի կ’ընեն թէ գաւառ մը կը փնտռեն։ 15Եւ յիրաւի եթէ զանիկա յիշէին՝ ուրկէ որ ելան, ժամանակ ունէին հոն դառնալու։ 16Բայց հիմա լաւագոյն գաւառի մը կը փափաքին, այսինքն երկնաւորին. ուստի ամօթ չի սեպեր Աստուած անոնց Աստուածը կոչուիլը, վասն զի ինք անոնց քաղաք մը պատրաստեց։
17Հաւատքով Աբրահամ իր փորձուած ատենը Իսահակը պատարագ մատուցանեց. թէեւ ինք խոստում առած էր, բայց իր մէկ հատիկ որդին կը մատուցանէր, 18որուն համար ըսուած էր. «Իսահակով քեզի սերունդ պիտի տրուի», 19քանզի Աբրահամ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել, ուստի որպէս նախատիպար ընդունեց զանիկա։
20Հաւատքով Իսահակ գալու բաներուն վրայ մարգարէանալով ՝ օրհնեց Յակոբն ու Եսաւը։ 21Հաւատքով Յակոբ իր մեռնելու ատենը՝ Յովսէփին որդիներէն իւրաքանչիւրը օրհնեց ու երկրպագութիւն ըրաւ իր գաւազանին գլխուն վրայ յենելով։ 22Հաւատքով Յովսէփ իր վախճանելու ատենը յիշեցուց Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելլելը ու իր ոսկորներուն համար պատուէր տուաւ։
23Հաւատքով, երբ ծնաւ Մովսէս, իր ծնողներուն ձեռքով երեք ամիս գաղտուկ պահուեցաւ. վասն զի տղան գեղեցիկ տեսան ու չվախցան թագաւորին հրամանէն։ 24Հաւատքով Մովսէս, երբ մեծցաւ, չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ. 25քանզի աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել։ 26Աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը՝ քան թէ Եգիպտոսին գանձերը. վասն զի դիտելով կ’սպասէր վարձքին հատուցումին։ 27Հաւատքով Եգիպտոսը թողուց ու չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. վասն զի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր։ 28Հաւատքով ըրաւ Զատիկը եւ արիւն սրսկելը, որպէս զի անդրանիկները սատկեցնողը իրեն չդպչի։
29Հաւատքով Կարմիր ծովէն անցան, որպէս թէ ցամաքէ. որուն փորձը ընելով Եգիպտացիները ընկղմեցան։
30Հաւատքով Երիքովի պարիսպները ինկան՝ եօթը օր անոնց բոլորտիքը պտըտելով։
31Հաւատքով Ռախաբ պոռնիկը անհաւատներուն հետ չկորսուեցաւ, քանի որ լրտեսները խաղաղութեամբ ընդուներ էր։
32Եւ ալ ի՞նչ ըսեմ. վասն զի ժամանակը բաւական չէ որ պատմեմ Գեդէօնին ու Բարակին եւ Սամփսոնին ու Յեփթայէին եւ Դաւիթին ու Սամուէլին եւ ուրիշ մարգարէներու համար. 33որոնք հաւատքով թագաւորութիւններու յաղթեցին, արդարութիւն գործեցին, խոստումներու հասան, առիւծներու բերաններ գոցեցին, 34կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերնէ ազատեցան, տկարութենէ ուժովցան, պատերազմի մէջ զօրաւոր եղան, օտարներու բանակներ ցրուեցին. 35կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած. ոմանք չարչարուեցան եւ չընդունեցին ազատութիւնը, որպէս զի լաւագոյն յարութեան հասնին. 36ուրիշներ ալ նախատինքներու ու ծեծերու, նաեւ կապերու ու բանտերու փորձը առին. 37քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձանքի մէջ ինկան, սրով սպաննուելով մեռան, ոչխարի մորթերով ու այծի մորթերով պտըտեցան, կարօտութիւն քաշելով, նեղը իյնալով, չարչարուելով, 38(որոնց արժանի չէր աշխարհս), անապատներու ու լեռներու եւ այրերու ու երկրի խոռոչներու մէջ մոլորելով։
39Եւ ասոնք հաւատքով վկայուած՝ խոստումը չառին. 40քանզի Աստուած մեզի համար աւելի աղէկ բան մը նախապատրաստեց, որպէս զի անոնք առանց մեզի չկատարուին։
Currently Selected:
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11: WA2017
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017