YouVersion Logo
Search Icon

ԵՓԵՍԱՑԻՍ 3

3
ՊՕՂՈՍԻՆ ԳՈՐԾԸ ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
1Ուստի ես՝ Պօղոսս՝ Յիսուս Քրիստոսին բանտարկեալը ձեզի հեթանոսներուդ համար, 2անշուշտ լսած էք թէ Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութիւնը, որ ինծի տրուած է ձեզի համար, 3թէ այն խորհուրդը յայտնութիւնով ցուցուեցաւ ինծի. (ինչպէս նախապէս ալ ձեզի համառօտաբար գրեցի, 4որը կրնաք կարդալ ու հասկնալ թէ ես տեղեակ եմ Քրիստոսին խորհուրդին). 5եւ որ ուրիշ դարերու մէջ մարդոց որդիներուն չերեւցաւ, ինչպէս հիմա Սուրբ Հոգիով յայտնուեցաւ իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն. 6որպէս զի հեթանոսները Քրիստոսով ժառանգակից ու մարմնակից եւ անոր խոստումին հաղորդ ըլլան աւետարանով. 7որուն ես սպասաւոր եղայ՝ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ ինծի տրուեցաւ իր զօրութեան ներգործութիւնովը, 8(ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն փոքրագոյնն եմ, այս շնորհքը տրուեցաւ), հեթանոսներուն մէջ Քրիստոսին անքննելի ճոխութիւնը քարոզելու 9եւ ամէնքը լուսաւորելու, որպէս զի գիտնան թէ ի՛նչ է այն խորհուրդին անօրէնութիւնը՝ որ յաւիտեանս ծածկուած էր Աստուծոյ քով, որ ամէն բան #3.9 Ոմանք, Յիսուս Քրիստոսով ստեղծեցստեղծեց. 10որպէս զի հիմա Աստուծոյ բազմատեսակ իմաստութիւնը եկեղեցիին ձեռքով յայտնի ըլլայ երկինքը եղող իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն, 11իր յաւիտենական նախասահմանութեանը համեմատ, որ ըրաւ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով. 12որով մենք ալ համարձակութիւն ու մօտենալու արտօնութիւն ունինք վստահութեամբ՝ իրեն հաւատալով։
ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՍԷՐԸ
13Ուստի կ’աղաչեմ որ չձանձրանաք իմ նեղութիւններուս պատճառաւ, որոնք ձեզի համար են եւ որոնք ձեր փառքն են։ 14Ասոր համար ծունկի վրայ գալով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրը առջեւ, 15ուրկէ ամէն ազգատոհմ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ անուն կ’առնէ, 16կ’աղաչեմ որ տայ ձեզի իր փառքին ճոխութեանը չափովը որ Հոգիին զօրութիւնով հաստատուի ներսի մարդուն մէջ. 17որպէս զի Քրիստոս՝ հաւատքով ձեր սրտերուն մէջ բնակի եւ դուք սիրով արմատանաք ու հաստատուիք, 18որպէս զի կարենաք հասկնալ բոլոր սուրբերուն հետ մէկտեղ, թէ ի՞նչ է լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը. 19այսինքն ճանչնալ Քրիստոսին սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է, որպէս զի լեցուիք Աստուծոյ լրութիւնովը։ 20Ան որ կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք, այն զօրութիւնովը որ մեր մէջ կը ներգործուի, 21իրեն փառք եկեղեցիին մէջ Քրիստոս Յիսուսով բոլոր դարերուն մէջ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

Currently Selected:

ԵՓԵՍԱՑԻՍ 3: WA2017

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in