YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3

3
ՏԷՐՈՋԸ ԳԱԼՈՒՍՏԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
1Սիրելինե՛ր, այս երկրորդ թուղթը կը գրեմ, անով ձեր անկեղծ միտքը արթնցնելու որ յիշէք 2եւ նախապէս սուրբ մարգարէներէն ըսուած խօսքերը եւ մեր՝ այսինքն Տէրոջը ու Փրկչին առաքեալներուն՝ պատուէրները մտքերնիդ բերէք։ 3Բայց նախ ասիկա գիտցէք, թէ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն 4եւ պիտի ըսեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր։» 5Քանզի անոնք (որոնց ուզածը այս է), այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. 6որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ։ 7Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը։ 8Այս մէկ բանը ձեզմէ ծածուկ չմնայ, սիրե՛լիներ, թէ Տէրոջը քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս։ 9Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն։ 10Սակայն Տէրոջը օրը #3.10 Ոմանք, գիշերուան գողիգողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին։ 11Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով 12ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին։ 13Սակայն իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի։
14Ուստի, սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով։ 15Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ՝ իրեն տրուած իմաստութիւնովը գրեց ձեզի. 16ինչպէս բոլոր թուղթերուն մէջ ալ այս բաներուն վրայով կը խօսի. որոնց մէջ քանի մը դժուարիմաց խօսքեր կը գտնուին, որոնք տգէտներն ու անհաւատները ծուռ կը մեկնեն, ինչպէս ուրիշ գրքեր ալ՝ իրենց անձին կորուստին համար։ 17Ուրեմն դուք, սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք. 18հապա աճեցէ՛ք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութիւնովը։ Անոր փառք հիմա ու մինչեւ յաւիտեան։ Ամէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy