YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6

6
ԴԱՏԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ
1Ձեզմէ մէկը, եթէ բան մը ունենայ իր ընկերին հետ, կը համարձակի անիրաւներո՞ւն առջեւ դատուիլ, թէ սուրբերուն առջեւ։ 2Չէ՞ք գիտեր թէ սուրբերը պիտի դատեն աշխարհը. եթէ աշխարհ ձեզմէ կը դատուի, ուրեմն արժանի չէ՞ք այդ չնչին դատերը որոշելու։ 3Չէ՞ք գիտեր թէ մենք հրեշտակներ պիտի դատենք. ո՞ւր կը մնան հապա աշխարհայինները։ 4Ուրեմն եթէ ձեր մէջ աշխարհային դատեր ունիք, եկեղեցիին անարգները ձեզի դատաւոր դրէք։ 5Ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ. իրա՞ւ ձեր մէջ իմաստուն մը չկայ, որ կարող ըլլայ իրաւունքը որոշել իր եղբայրներուն մէջ։ 6Պէ՞տք է եղբօր հետ դատի մտնել, այն ալ անհաւատներուն առջեւ։ 7Արդարեւ բոլորովին յանցանք մըն է որ իրարու հետ դատեր կ’ունենաք. ինչո՞ւ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր, ինչո՞ւ դուք զրկանք չէք քաշեր։ 8Բայց դուք անիրաւութիւն ու զրկանք կ’ընէք եւ այն ալ եղբայրներո՞ւն։ 9Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, 10ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։ 11Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը։
ՁԵՐ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ
12Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ես բանի մը իշխանութեան տակ պիտի չըլլամ։ 13Կերակուրները փորին համար են, փորն ալ կերակուրներուն. բայց Աստուած աս ալ, անոնք ալ պիտի խափանէ։ Իսկ մարմինը պոռնկութեան համար չէ, հապա՝ Տէրոջը ու Տէրը՝ մարմնին համար։ 14Եւ Աստուած որ Տէրը յարուցանեց, մեզ ալ պիտի յարուցանէ իր զօրութիւնովը։ 15Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսին անդամներն են։ Քրիստոսին անդամները առնելով պոռնիկի անդամնե՞ր ընեմ։ Քա՛ւ լիցի։ 16Չէ՞ք գիտեր թէ ան որ պոռնիկի կը մօտենայ, անոր հետ մէկ մարմին կ’ըլլայ. քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ 17Իսկ ան որ Տէրոջը կը մօտենայ, անոր հետ մէկ հոգի կ’ըլլայ։ 18Պոռնկութենէն փախէք։ Ամէն մեղք, որ մարդ կը գործէ, իր մարմնէն դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ։ 19Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք. 20քանզի գնով ծախու առնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ կը պատկանին։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy