YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4

4
ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ
1Թող մարդիկ մեզ այնպէս սեպեն, որպէս թէ Քրիստոսին սպասաւորները ու Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները։ 2Ուստի տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ։ 3Բայց ինծի ասիկա ոչինչ բան մըն է, որ ձեզմէ դատուիմ, կամ մարդոց դատաստանէն, մանաւանդ որ ես ալ իմ անձս չեմ դատեր. 4(վասն զի ես իմ անձիս վրայով բան մը չեմ գիտեր. բայց ոչ թէ ասով կ’արդարանամ). հապա զիս դատողը Տէրն է։ 5Ուրեմն ժամանակէն առաջ դատաստան մի՛ ընէք, մինչեւ գայ Տէրը՝ որ խաւարին գաղտնիքը լոյսի պիտի հանէ ու սրտերուն խորհուրդները յայտնի պիտի ընէ եւ այն ատեն ամէն մէկուն գնահատութիւնը Աստուծմէ պիտի ըլլայ։
6Ասոնք օրինակ բերի, ե՛ղբայրներ, իմ վրաս ու Ապօղոսին վրայ ձեզի համար, որպէս զի դուք մեզմէ սորվիք մարդոց վրայով գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը հպարտանայ մէկուն համար ուրիշի մը դէմ։ 7Քանզի ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս։
8Արդէն կշտացաք, արդէն հարստացաք, առանց մեզի թագաւորեցիք եւ երանի՜ թէ թագաւորէիք, որպէս զի մենք ալ ձեզի հետ թագաւորէինք, 9քանզի Աստուած յետիններ ըրաւ մեզ առաքեալներս՝ մահապարտներուն նման. վասն զի տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց։ 10Մենք յիմարներ ենք Քրիստոսին համար։ Իսկ դուք իմաստուններ՝ Քրիստոսով։ Մենք՝ տկար, դուք՝ զօրաւոր։ Դուք՝ փառաւորեալ, իսկ մենք՝ անարգեալ։ 11Մինչեւ այսօր կ’անօթենանք ալ, կը ծարաւինք ալ, մերկ ալ կը մնանք, կը ծեծուինք ալ, աստանդական ալ կը պտըտինք 12եւ մեր ձեռքերով կ’աշխատինք. երբ մեզ նախատեն՝ կ’օրհնենք. երբ կը հալածեն՝ կը համբերենք. 13երբ գէշ խօսին՝ կ’աղաչենք։ Իբրեւ աշխարհի աղտեղութիւնը՝ ամենէն անարգը եղանք մինչեւ հիմա։ 14Այս բաները կը գրեմ՝ ո՜չ թէ ձեզ ամչցնելու համար, հապա կը խրատեմ ձեզ սիրելի որդիներուս պէս։ 15Վասն զի թէեւ դուք տասը հազար վարժապետներ ունենաք Քրիստոսով, բայց ո՛չ թէ շատ հայրեր կ’ունենաք, քանզի Քրիստոս Յիսուսին աւետարանով ես ձեզ ծնայ։ 16Ուրեմն կ’աղաչեմ ձեզի, ինծի նմանող եղէ՛ք։ 17Ասոր համար ձեզի ղրկեցի Տիմոթէոսը, որ իմ սիրելի որդիս է ու Տէրոջմով հաւատարիմ. որ ձեր միտքը պիտի ձգէ Քրիստոսով իմ բռնած ճամբաներս, ինչպէս ամէն տեղ բոլոր եկեղեցիներուն կը սորվեցնեմ։ 18Մէկ քանիները հպարտացան, խորհելով թէ ես պիտի չգամ ձեզի։ 19Բայց շուտով պիտի գամ ձեզի, եթէ Տէրը կամենայ եւ պիտի հասկնամ ո՛չ թէ հպարտացողներուն խօսքերը, հապա զօրութիւնը։ 20Վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ո՛չ թէ խօսքով է, հապա զօրութիւնով։ 21Ի՞նչպէս կ’ուզէք. գաւազանո՞վ գամ ձեզի, թէ սիրով եւ հեզութեան հոգիով։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy