YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2

2
ՊԱՏԳԱՄ ԽԱՉԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՍԻՆ
1Ե՛ղբայրներ, ձեզի խօսքի կամ իմաստութեան գերազանութիւնով մը Աստուծոյ վկայութիւնը յայտնելու չեկայ։ 2Վասն զի միտքս չդրի ձեր մէջ ուրիշ բան մը գիտնալ, բայց միայն Յիսուս Քրիստոսը ու այն խաչը ելած 3եւ ես տկարութիւնով ու վախով եւ շատ դողով ձեր քով կեցայ. 4ու իմ խօսքս եւ քարոզութիւնս ո՛չ թէ #2.4 Ոմանք չունինմարդկային իմաստութեան համոզիչ խօսքերով էր, հապա Հոգիին համոզիչ զօրութիւնով։ 5Որպէս զի ձեր հաւատքը մարդոց իմաստութիւնովը չըլլայ, հապա Աստուծոյ զօրութիւնովը։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
6Սակայն կատարեալներուն հետ իմաստութեան մասին կը խօսինք, բայց ո՛չ թէ աշխարհի իմաստութեան եւ ո՛չ այս աշխարհի մահկանացու իշխաններուն, 7հապա Աստուծոյ ծածուկ իմաստութեան մասին կը խօսինք խորհրդով, որ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ սահմանեց Աստուած մեր փառքին համար. 8որ այս աշխարհի իշխաններէն մէ՛կը չճանչցաւ. քանզի եթէ ճանչցած ըլլային, ա՛լ փառքերուն Տէրը խաչը չէին հաներ. 9հապա ինչպէս գրուած է. «Այն բաները որոնք աչք չէ տեսեր եւ ականջ չէ լսեր ու որոնք մարդու սրտին մէջ չեն ինկեր, Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց»։ 10Բայց Աստուած մեզի յայտնեց իր Հոգիովը, վասն զի Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ։ 11Վասն զի մարդոցմէ ո՞վ գիտէ մարդուն բաները, բայց միայն մարդուն հոգին որ իր մէջ է. նոյնպէս ալ Աստուծոյ բաները մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն Աստուծոյ Հոգին։ 12Իսկ մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է. որպէս զի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի. 13որոնց մասին կը խօսինք ոչ թէ մարդկային իմաստութեան սորվեցուցած խօսքերովը, հապա #2.13 Ոմանք, Սուրբ ՀոգիինՀոգիին սորվեցուցածներովը եւ հոգեւոր բաները հոգեւորի հետ կը յարմարցնենք։ 14Իսկ շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են ու չի կրնար գիտնալ, վասն զի հոգեւոր կերպով կը քննուին։ 15Բայց ան որ հոգեւոր է՝ ամէն բան կը քննէ ու ինք մէկէն չի՛ քննուիր։ 16Քանզի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy