Որովհետեւ Աստուած նախասահմանեց, որ Քրիստոս իր թափած արիւնով քաւութեան միջոց ըլլայ անոնց՝ որոնք իրեն կը հաւատան։ Անցեալին մէջ Աստուած իր արդարութիւնը ցոյց կու տար՝ անյիշաչար գտնուելով մարդոց գործած մեղքերուն հանդէպ. իսկ ներկայիս, նոյն իր արդարութիւնը կը յայտնէ՝ մեղքերուն թողութիւն շնորհելով, ցոյց տալով թէ արդար է ինք եւ կ՚արդարացնէ ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի կը հաւատայ։