1
ՍԱՂՄՈՍ 18:2
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ, Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը Ու իմ բարձր աշտարակս է։
Compare
Explore ՍԱՂՄՈՍ 18:2
2
ՍԱՂՄՈՍ 18:30
Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 18:30
3
ՍԱՂՄՈՍ 18:3
Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 18:3
4
ՍԱՂՄՈՍ 18:6
Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի. Անիկա իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց Ու իմ աղաղակս անոր առջեւ՝ անոր ականջը հասաւ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 18:6
5
ՍԱՂՄՈՍ 18:28
Քանզի դուն իմ ճրագս կը վառես։ Իմ Տէր Աստուածս իմ խաւարս կը լուսաւորէ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 18:28
6
ՍԱՂՄՈՍ 18:32
Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէ Ու իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 18:32
7
ՍԱՂՄՈՍ 18:46
Տէրը կենդանի է։ Իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ Եւ իմ փրկութեանս Աստուածը բարձր ըլլայ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 18:46