1
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33:11
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Անոնց ըսէ՛. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք ձեր չար ճամբաներէն։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’»։
Compare
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33:11
2
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33:7
«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի, որ իմ խօսքս լսես եւ իմ կողմէս զանոնք զգուշացնես։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33:7
3
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33:9
Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն զգուշացնես, որպէս զի անկէ դառնայ ու անիկա իր ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս»։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33:9
4
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33:6
Իսկ եթէ դէտը սուրին գալը տեսնէ եւ փողը չհնչեցնէ ու ժողովուրդը չզգուշանայ եւ սուրը գայ ու անոնցմէ մէկը վերցնէ, իր անօրէնութեանը համար վերցուեցաւ. բայց անոր արիւնը դէտին ձեռքէն պիտի պահանջեմ’։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33:6
5
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33:5
Անիկա փողին ձայնը լսեց ու չզգուշացաւ, անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ. բայց զգուշացողը իր հոգին պիտի ազատէ։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33:5