Տէրոջը զատիկն է այն։ Այն գիշերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի անցնիմ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները, մարդ կամ անասուն, պիտի զարնեմ։ Եգիպտոսի բոլոր աստուածներուն վրայ դատաստան պիտի կատարեմ։ Ես եմ Տէրը։ Արիւնը ձեր տուներուն վրայ նշանի համար ըլլայ, որպէս զի երբ արիւնը տեսնեմ, ձեր վրայէն անցնիմ եւ հարուածը ձեր վրայ չգայ ձեզ կորսնցնելու, երբ Եգիպտոսի երկիրը զարնեմ։