Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ պիտի մեռնի, իր աթոռին վրայ նստող Փարաւոնին անդրանիկէն մինչեւ աղօրիքին ետեւը եղող աղախինին անդրանիկը եւ բոլոր անասուններուն անդրանիկը։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մեծ աղաղակ պիտի ըլլայ, այնպէս որ անոր պէս ո՛չ եղած է, ո՛չ ալ նորէն պիտի ըլլայ։