1
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12:13
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, Վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։
Compare
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12:13
2
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12:14
Քանզի Աստուած ամէն գործ, Ամէն ծածուկ բաներու հետ, Թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12:14
3
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12:1-2
Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեան օրերուն մէջ յիշէ, Դեռ թշուառութեան օրերը չեկած Ու այն տարիները չհասած, Որոնց մէջ պիտի ըսես՝ «Անոնց չեմ հաւնիր», Արեւը, լոյսը, լուսինն ու աստղերը չխաւարած Ու անձրեւին ետեւէն ամպերը չդարձած։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12:1-2
4
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12:6-7
Դեռ արծաթէ թելը չփրթած, Ոսկիէ բաժակը չկոտրած, Սափորը աղբիւրին քով չփշրուած Ու ջրհորին վրայի անիւը չկոտրուած։ Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս Ու հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12:6-7
5
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12:8
Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը, Ամէն բան ունայնութիւն է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12:8